Գիււղացիներու մօտ «8-ին չեն գար, կուգան 9-ին» տարածուած արտայայտութիւն մը կայ։ Արագիլներու վերդառնալու ժամանակը հիմա է։ Ամէն տարի անոնք կը վերդառնան իրենց բոյները։
Արեւմտեան Հայաստանի մէջ եղանակներու բացուելուն պէս՝ Գարնան սկիզբը յայտարարող արագիլները սկսած են վերադառնալ իրենց բոյները։

Մասութջուք գիւղի երկու արագիլները եղանակներու տաքանալէն ետք՝ վերադարձեր են։

«Արագիլները կուգան Մարտի 8-ի լոյս 9-ի գիշերը» ասացուածք մը կայ, բայց գիւղացիները կը յիշեցնեն, որ արագիլները «8-ին չեն գար, 9-ին կուգան»։ Մասութջուք գիւղի բնակիչները կը նշեն, որ արագիլները միշտ կուգան նոյն ժամանակին։
«Արդէն արագիլներու գալու ժամանակն է։ Ամէն տարի արագիլները կուգան այս ժամանակ։ Հիմա վերադարձեր է էգ արագիլը, 10-15 օրէն կը վերադառնայ նաեւ որձ արագիլը»,- նշած է գիւղի բնակիչ Յեներ Յուրեյիլը։
Այս մասին կը տեղեկացնէ dogubayazitgazetesi.com – ը։