Աշխարհահռչակ ֆիզիկոս Սթիւըն Հոքինգը մահացեր է 2018 թ․-ի Մարտ 14-ի վաղ առաւօտեան, 76 տարեկան հասակին: Իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ան պայքարեր է շարժողական խելային հիւանդութեան դէմ:
Հանրաճանաչ Բրիտանացի տեսաբան ֆիզիկոս Սթիւըն Հոքինգը խօսեր էր այն մարդուն մասին, որուն շնորհիւ իր մօտ մանկութենէն սէր արթնցեր է գիտութեան հանդէպ: Հայկական ծագումով մաթեմատիկայի իր ուսուցիչ Տիգրան Թահթայի մասին է խօսքը: Այդ մասին գիտնականը յայտներ էր 2016-ին The Global Teacher Prize կայքին մէջ հրապարակուած իր ուղերձով, որ նուիրուած էր Global Teacher Prize մրցանակաբաշխութեան արդիւնքներու հրապարակման։
«Շնորհիւ պարոն Թահթայի՝ ես դարձայ Քեմբրիջի համալսարանի մաթեմատիկայի պրոֆեսոր, գլխաւորելով ամբիոնը, զոր ժամանակ մը Նիւթոնը զբաղցուցած էր: Ամբողջ կեանքիս ընթացքին ես փորձեր եմ բացայայտել տիեզերքի գաղտնիքները: Մեզմէ իւրաքանչիւրս կը կարծէ թէ կրնայ բան մը ընել իր կեանքին ընթացքին, եւ այդ մենք կրնանք ընել մեր ուսուցիչներուն շնորհիւ»,-ըսեր է Հոքինգն իր դպրոցական ուսուցիչին մասին: Թահթան եղեր է Հոքինգի մաթեմատիկայի ուսուցիչը Հարթֆորդշիրի Սենթ Օլբանի մէջ ուսումնառութեան ժամանակ: Ան ապագայ գիտնականին մասնավորապէս օգներ է հաւաքելու իր առաջին համակարգիչը:
«Այսօր մեզի մեծ ուսուցիչներ պէտք են, ինչպէս երբէք: Մենք միշտ պէտք է յիշենք թէ որքան կարեւոր են ուսուցիչները: Ամէն ինչ կը սկսի սիրոյ սաղմէն` երաժշտութեան, պատմութեան հանդէպ: Ինծի համար՝ սա սէրն էր գիտութեան հանդէպ»: Ան նշեր է, որ չէ եղած լաւագոյն ուսանողներէն, իսկ վատ ձեռագիրն ալ կը վկայէր իր ծուլութեան հակուած ըլլալուն մասին: Հոքինգը յայտնի է տիեզերաբանութեան ոլորտի իր աշխատանքներով, ինչպէս նաև գիտութեան հանրահռչակմամբ: Ան առաջին անգամ յօդուած հրապարակած է, ուր յայտնած է սեւ խոռոչներու անյետացման հաւանականութեան մասին:
Տիգրան Թահթան ծնուեր է 1928 թ. Օգոստոս 7-ին։ Սերած է Հայոց ցեղասպանութենէն յետոյ Օսմանեան կայսրութենէն Մանչեսթր տեղափոխուած հայկական ընտանիքէն։ Մանկութիւնը, հայկական ինքնութիւնն ու դաստիարակութիւնը արտացոլուեր են իր նախավերջին՝ «Արարատ ասոցիացիա» գիրքին մէջ։ Այստեղ ան ներկայացուցեր է, թէ ծնողները ինչպէ՞ս կը ցանկային իրենց զաւակներուն տալ անգլիական կրթութիւն, միաժամանակ համոզուած ըլլալով, որ անոնք տան մէջ պիտի խօսին հայերէն։ Զինք մկրտեր են Մանչեսթըրի հայկական եկեղեցիին մէջ, անոր Տիգրան (Դիքրան) անունը կրճատուեր է` դառնալով Դիկա: Թահթը երբէք չէ մոռցած իր հայկական արմատներուն մասին։
1946-ին Թահթան կրթաթոշակ ստացեր է Ռոսսալ դպրոցէն` Օքսֆորդի Քրիստոսի եկեղեցիին համար, ուր հիմնական առարկան մաթեմատիկան եղած է: 1954-ին ան վերադարձեր է Ռոսսալ դպրոց՝ ուր սկսեր է անգլերէն դասաւանդել եւ պատմութիւն, սակայն աստիճանաբար անցեր է մաթեմատիկայի դասաւանդման: 1955-ին ան սկսեր է մաթեմատիկա դասաւանդել Հարթֆորդշիրի Սենթ Օլբանի դպրոցէն ներս, ուր անոր աշակերտեր է երիտասարդ Սթիւըն Հոքինգը: Ան օգներ է ապագայ գիտնականին հաւաքելու իր առաջին համակարգիչը: Թահթայի մահէն ետք Թահթայի մասին գրեր է «Գարդիանը»` անուանելով զինք «իր սերունդի մաթեմատիկայի ամենաականաւոր ուսուցիչներէն մէկը»: