Առնոդ Բելտրամը “ինկած է հերոսաբար”, իր խօսքով պատուած է Հանրապետութեան նախագահը։ Ոստիկանական դրօշակները կէս չափով իջեցուած են։
“Գեներալ-գնդապետ Առնոդ Բելտրամը մեզմէ հեռացած է”
Մարտի 24-ին Շաբաթ օր առաւօտեան երբ դեռ ժամը վեցը չկար՝ երբ Ներքին Գործոց Նախարար Ժերարդ Կոլլոմբը յայտարարեց սոսկալի նորութիւնը, “Հայրենիքի համար զոհուած է։ Ֆրանսան երբէք պիտի չմոռնայ անոր հերոսութիւնը, անոր քաջութիւնն ու անձնազոհութիւնը”։ Նախօրէին ոստիկանը Թրեբէ մեծ վաճառատան մէջ ինքզինք ահաբեկիչին առաջարկած էր որպէս պատանդ։ Քանի մը ժամ ետք անոր մահը սուգի մատնեց Ֆրանսան։
Առոդ Բելտրամը “հերոսաբար ինկաւ” ըսելով զինք պատուած է Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մակրոնը։ Ան “արժանի է ամբողջ ազգի յարգանքին եւ հիացմունքին” աւելցուցած է իր յայատարարութեան մէջ։ Քանի մը ժամուան ընթացքին՝ քաղաքական դասի մեծ մասն իր յարգանքը մատուցած է այս «հերոսին», “Ֆրանսացի հերոսին”:
Հանրապետականներու նախագահ Լորան Ուոքյեզը պատուած է “հերոս Ֆրանսացիին”։ Նախագահութեան նախկին թեկնածու Բենուատ Համօնն ալ իր կողմէ “Կը խոնարհիմ Առմոդ Բելտրամի քաջութեան եւ անձնազոհութեան առջեւ” ըսած է։
“Մեր բոլոր միտքերը անոր սիրելիներուն հետ են, մեր ամբողջական յարգանքը ոստիկանական ուժերուն՝ որոնք իրենց կեանքը կը վտանգեն մեզ պաշտպանելու համար”, իր կայքէջին յղած է Մարլեն Շիապպան՝ կանանց եւ տղամարդկանց հաւասարութեան համար պատասխանատու Պետական Քարտուղարը։
“Ազգային ներկայացուցիչի անունով իմ անկեղծ ցաւակցութիւններս կ՛ուղղեմ գեներալ-գնդապետ Առնոդ Բելտրամի ընտանիքին, հարազատներուն եւ գործընկերներուն, շատ բարձր դասելով անոր հերոսական կեցուածքը բարբարոսութեան դէմ”, յայտարարած է Ազգային Խորհուրդի նախագահ ֆրանսուա դը Ռուգին։
Ոստիկանաական դրօշակները կէս չափով իջեցուած են։
“Կը խոնարհուիմ այս սպայի քաջութեան առջեւ, անոր անձնազոհութեան եւ օրինակելիութեան առջեւ, որ իր կեանքը նուիրեց պատանդները ազատելու համար”, յղած է գեներալ Ռիշար Լիզիւրեյը, Ֆրանսական ազգային ոստիկանութեան ընդհանուր տնօրէնը։ “Այսօր ամբողջ ոստիկանութեան դրօշակներն ու տարբերանշանները կիսով չափ խոնարհուած են”։
Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանն իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ գեներալ-գնդապետ Առնոդ Բելտրամի ընտանիքին, ոստիկանական գործընկերներուն եւ բարեկամներուն։