ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – 79 օրուայ պարէտային ժամի ընթացքին Ջիզրէյի մէջ 288 մարդ կորսնցուցեր է իր կեանքը, 2 հազարէն աւելի շէնք ոչնչացուեր է եւ ասոր համար կը մեղադրուի “անվտանգութեան աշխատակից“ մը:
Շըրնաքի մարզի Ջիզրէ շրջանին մէջ 288 մարդ զոհուեր է 2015 թուականին յայտարարուած «պարետային ժամ»-ի ընթացքին, որ աւարտուած է շրջանի չորս թաղամասերու ոչնչացմամբ: Ժողովուրդներու Ժողովրդավար Կուսակցութեան (HDP) Եդեսիայի (Urfa) պատգամաւոր Դիլէք Օջալանի կողմէ շրջանին մէջ կատարուածներու մասին խորհրդարանին տրուած առաջարկին ի պատասխան՝ Արդարադատութեան Նախարարութեան որոշումով մէջտեղ ելաւ, որ այդքան մարդու կեանք խլած իրադարձութիւններուն ի պատասխան դատական գործընթացի ժամանակ միայն մէկ «անվտանգութեան աշխատակից» կը մեղադրուի:
HDP-ական Դիլէք Օջալանը իր ներկայացուցած առաջարկին մէջ ուղղեց հետեւեալ հարցը. “Ջիզրէյի մէջ պարետային ժամանակաշրջանի ընթացքին եղած է արդեօք հետապնդման ենթարկուած անվտանգութեան աշխատակից: Եթե այո, ապա ինչով մեղադրուած է ան”:
Արդարադատութեան նախարար Աբդուլհամիտ Գիւլի այս վէրջին օրէրուն տուած պատասխանին մէջ կ՝ըսուի. “Ջիզրէյի շրջանին մէջ պարետային ժամանակահատուածի եղելութիւններուն համար պատասխանատու մէկ անվտանգութեան աշխատող կը յետաքննուի եւ հանրային դատը դեռ կը շարունակուի”:
ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԴԱՏ ԲԱՆԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԻՆՉ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋՈՒԻՆ
Պետութեան կամ ամբողջ հասարակութեան դէմ կատարուած յանցագործութեան համար բաւարար է հանրային դատ բանալը: Հանրային դատ կրնայ բացուիլ երբ հանրային սեփականութեան վնաս կը հասցուի, կամ երբ մահ կը պատճառէ կռիւ մը, ինչպէս ճանապարհատրանսպորտային պատահարներու վնաս հասցուցած պարագաներուն:
ԹԷ ԻՆՉ Է ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ՋԻԶՐԷՅԻ ՄԷՋ
Այդ աւանին մէջ հանրային դատ բացուած է անվտանգութեան աշխատողի մը դէմ, 2015թ.-ին յայտարարուած եւ մինչեւ 2016թ.-ի առաջին ամիսները տեւած 79 պարետային օրերուն 177 հոգի իրենց նկուղներուն մէջ մահացած եւ ընդհանուր 288 մարդ կորսնցուցած են իրենց կյանքը: Այս անձերէն մէկը նորածին, 41-ը երեխայ, 22-ն կանայք էին:
Կեանքը կորսնցուցած 20-էն աւելի մարդու ինքնութիւնը դէպքից պարզուած չէ, թէեւ ամիսներ անցած են: Պարետային ժամանակահատվածին յայտնաբերուած էր, որ աւանի շէնքերէն 2 հազար 700-ը ծանր վնասուած կամ ալ փլատակուած է:
Լուրը գաղուած է pirha.net -ից