ԵՍ՝ ԳԱՌՆԻԿ Վ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆՍ
(կցած եմ իմ կենսագրութիւնը)

– ԿԸ ՑԱՆԿԱՆԱՄ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ԴԱՌՆԱԼ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ 2018-Ի ՕՐԻՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
– ՈՒՍՏԻ ԿԸ ԽՆԴՐԵՄ ՁԵԶՄԷ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԵԼ ԻՄ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ՁԵՒՈՎ

Սեղմել տեղադրուած՝ տարբեր լեզուներով էլ. կապերէն մէկը, որտեղ կը գտնեք ձեր կողմէն ինձ երաշխաւորելու հայցաթերթիկը:

http://www.western-armenia.eu/WAP/Candidat/Enregistrement-fr-arm.php

http://www.western-armenia.eu/WAP/Candidat/Registration-en-ru.php

http://www.western-armenia.eu/WAP/Candidat/Kayit-arab-turc.php

http://www.western-armenia.eu/WAP/Candidat/Engrafi-grec-de.php

1. Այնտեղ առաջին տողին վրայ նշեք իմ անուն ազգանունը,
2. Հետոյ լրացուցեք ձեր անձնական տուեալները, որպէսզի դուք նաեւ դառնաք Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի՝ այն ինչ ձեզ իրաւունքն պիտի տայ ինձ թէ երաշխաւորել եւ թէ մասնակցիլ խորհրդարանային  քուէարկութիւններուն, իմանալով որ դուք կրնաք երաշխաւորել միայն մէկ թեկնածուի:

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ’ – Ծնուած եմ Դամասկոս 1958-ին: Եղած եմ ազգանուէր մտաւորականներու ընտանիքի մը զաւակը: Նախնական ուսմունքս ստացած եմ Դամասկոսի ՀԲԸՄ-ի Կ. Կիւլպենկեան նախակրթարանէն, ապա երկրորդականը Սուրիոյ պետական դպրոցներէն ներս: 1981-ին աւարտեր եմ Համալսարանական ուսմունքս Դամասկոսի պետական համալսարանէն որպես Շինարար ինժիներ – Civil Engeneering:
Պատանեկան եւ երիտասարդ տարիներուս ներառուած եմ տարբեր միութենական եւ ազգային բնոյթի գործունէութիւններու մէջ ՀԲԸՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի շրջանակներէն ներս: Նաեւ 1976-ին հիմնադրեցի Դամասկոսի հայ  համալսարանականներու միութիւնը եւ դարձայ միութեան առաջին նախագահը:

Ըլլալով մօտիկ կողմնակիցը ազգային ազատագրական պայքարի շրջանակներուն, կատարած եմ բազմաթիւ յատուկ բնոյթի քաղաքական եւ դիւանագիտական (ոչ ռազմական) ազգանուէր աշխատանքներ: Ունիմ
իւրայատուկ ուսումնասիրութիւններ, եւ գրաւոր ու բանաւոր տարբեր աշխատանքներ՝ ընդհանուր քաղաքական եւ յատկապէս մեր ազգի քաղաքական պատմութեան մութ ծալքերուն վերաբերեալ: Հաւատք ունիմ մեր ազգի
վճռակամութեան եւ պատուախնդրութեան վրայ: Բարձրագոյն գիտակցութեամբ եւ փաստացի հիմքերով գիտեմ, որ Արեւմտեան Հայաստանի ազգային իրաւունքները հաստատուած են եւ ենթակայ են իրականացման եթէ
հայերս յաջողինք այդ իրականութեան նկատմամբ մեր հաւաքական գիտակցութիւնը իրապաշտ ձեւով մշակել եւ զարգացնել:
Այս յստակ նպատակի իրականացման համար իսկ միացայ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառոյցներուն 2016-ի Մարտին որպէս Արտաքին գործերու նախարար, ապա դարձայ Հանրապետութեան վարչապետը 2017-ի Յունիսին: Ազգային եւ պետական հարցերուն մէջ զիս կը համարեմ խիստ անզզիջողական քաղաքական գործիչ: Միւս կողմէ, կը հաւատամ ազատամիտ եւ լայնախոհ մօտեցումին միջազգային յարաբերութիւններու եւ բանակցութիւններու ընթացքին:
Զերծ եմ նախապաշարումներէն եւ անխախտ հաւատք ունիմ միջպետական երկխօսութիւններու անհրաժեշտութեան նկատմամբ՝ անխտիր աշհխարհի բոլոր կողմերուն եւ պետութիւններուն հետ: Բարձր կը կարեւորեմ փոխադարձ շահերու ապահովման անհրաժեշտութիւնը՝ առանց զիջելու մեր ազգային գերագոյն շահերէն եւ իրաւունքներէն:
Կողմ եմ որ աշխարհով մէկ տարագրուած եւ տարածուած մեր հայրենակիցները ըլլան միշտ տեղեկացուած, եւ մասնակից, մեր ազգի իրաւունքներուն վերաբերող բոլոր անցուդարձերուն եւ աշխատանքներուն մասին: