Ազգային վերականգնումը նախապայման է՝ որպէսզի Հայերը ապրին Արեւմտեան Հայաստանի մէջ։
——————————————
Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու Խորհուրդի Ռոն-Ալպերու մասնաճիւղը Լիոնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Մարտի 24-ին, որուն ընթացքին շարք մը կէտեր ներկայացուեցան Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներու վերականգնման եւ կիրառման աշխատանքներուն շուրջ։
Տիկին Լիդիա Մարկոսեանը՝ Արեւմտեան Հայստանի Խորհրդարանի պատգամաւորը, մշակած էր 3 հիմնարար կէտեր այդ կապակցութեամբ, որոնց շարքին․
1․- Անհրաժեշտութիւն է ցեղասպանութենէն վերապրածներու սերունդներուն մասնակցութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի գործող պետական կառոյցներուն, եւ մասնաւորաբար անոնց քաղաքացի դառնալը Արեւմտեան Հայաստանի Պետութեան, որ արդէն 1920-ին ճանչցուած է որպէս անկախ պետութիւն, սակայն միջազգային իրաւունքին համաձայն՝ այդ թուականէն ի վեր ան ապօրինիաբար բռնագրաւուած է։
Բոլոր քաղաքացիներուն հաւասարապէս իրաւունք ընձեռուած է, որ ներկայ ընտրութիւններուն սատար կանգնին Արեւմտեան Հայստանի Խորհրդարանի թեկնածուներուն՝ հայ ժողովուրդի ձայնը բարձրացնելու համար։ Ընտրական արշաւը ընթացքի մէջ է՝ 2018 թուականի կտրուածքով։
2․-Միջոցառումը զգալի նշանակութիւն ունեցող իրադարձութիւն է, քանի որ տիկին Մարկոսեանն իր ելոյթով ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի 37-րդ նստաշրջանին Ժնեւի մէջ՝ բարձրացուցած է քանի մը հիմնարար հարցեր, որոնց շարքին․
-Արեւմտեան Հայաստանի անօրինական բռնագրաւումը Թիւրքիոյ կողմէ՝ 1920 թուականէն ի վեր,
-Հայերուն իրաւունքը վերադառնալու իրենց նախնեաց տարածք՝ այսինքն Արեւմտեան Հայաստան,
-Չեղեալ յայտարարելու եւ դատապարտելու Արեւմտեան Հայաստանի աւանդական գիտելիքներու, մշակութային դրսեւորումներու եւ ծագումնաբանական պահուստներու իւրացումը՝ Թիւրքիոյ կողմէ,
-Անհրաժեշտաբար կիրառելու Սեւրի պայմանագիրը ամբողջութեամբ՝ քանի որ իրաւաբանականօրէն անոր միջոցով կը փակուի առաջին համաշխարհային պատերազմը, քանի որ ան գրաւականն է Միջին Արեւելքի պատերազմներու հարցերու լուծման եւ խաղաղութեան,
-Սուրիա-Կիլիկեան տարածաշրջանի Աֆրինէն ներս թրքական զօրքերու ներխուժումը դատապարտող, եւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի նախաձեռնութեամբ բնիկ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներուն, հասարակական կազմակերպութիւներուն ուղերձը՝ ստորագրուած պաշտօնական հռչակագիրով, յանձնուած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի ուշադրութեան, կոչ ընելով անդամ պետութիւններուն՝ որպէսզի միջամտեն եւ թրքական ուժերը դադրեցնեն իրենց ներխուժումը Սուրիա:
3․- Վերջապէս յիշեցուցած է բոլոր ժողովուրդներուն կողմէ կիրառելի հիմնարար սկզբունքը եւ անոր համապատասխանութիւնը ՄԱԿ-ի Հռչակագիրին՝ որոնք կը վերաբերին բնիկ մարդկանց իրաւունքներուն եւ անոնց ինքնորոշման իրաւունքին, ըստ որոնց հաստատելով, որ ԲՈԼՈՐ ՄԱՐԴԻԿ ՈՐՈՆՔ ԿՏՐՈՒԱԾ ԵՆ ԻՐԵՆՑ ՀՈՂԷՆ՝ ԴԷՊԻ ՄԱՀ ՈՒՂԱՐԿՈՒԱԾ ԵՆ, տիկին Մարկոսեանը խստօրէն դատապարտած է Եւրոմիութեան 1987թ․-ի Յունիս 18-ի քրէական ամօթալի բանաձեւը, որովհետեւ այսպես պէտք է ան որակուած ըլլայ, քանի որ անոր 2-րդ յօդուածը կը ժխտէ ԲՈԼՈՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ Հայերուն՝ երբ անոնք սարսափելիօրէն ցեղասպանուած էին:
Հայերու դէմ գործուած ցեղասպանութեան ճանաչման քողին տակ՝ այս բանաձեւով անոնք կը ցանկան վերջնականապէս սպաննել Արեւմտեան Հայաստանի հայ ժողովուրդը։
Այնուհտեւ տիկին Մարկոսեանը հաստատած է, որ այսպէս կոչուած համայնքներու ինքնակոչ ղեկավարները՝ որոնք նպաստած են սոյն բանաձեւին, եւ զայն ողջունած են՝ յաղթանակ մը ձեւակերպելով վերջին ժամանակներս ենթադրաբար «հայկական» թերթերու մէջ, վաղ թէ ուշ պիտի պատասխան տան ազգին:
Տիկին Մարկոսեանը աւելցուցած է, որ այս հայ ազգը՝ զոր որոշ մարդիկ կ՛իջեցնեն կրօնական փոքրամասնութան դասակարգման “Թիւրքիոյ” մէջ, իրականութեան մէջ բնիկ ազգն է Արեւմտեան Հայաստանի, եւ որ ստիպուած է հաւաքուելու Արեւմտեան Հայաստանի դրօշակին շուրջ։
Տիկին Մարկոսեանը աւարտելով պնդած է խստօրէն այն փաստը, որ այս ազգի իւրաքանչիւր անդամը ստիպուած է վերակառուցելու Արեւմտեան Հայաստանի վիրաւոր մարմինը, եւ զայն կենդանացնելու։
Եթէ բարբարոսները Մայր Հայրենիքէն վտարած են անոր զաւակներուն՝ ապա ցեղասպանութենէն մազապուրծ ազատուածներու սերունդները պատասխանատւութիւն պիտի կրեն ազգային վերակառուցման, ինչը նախապայմանն է Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու գոյատեւութեան։