ԿԱՐԻՆ – Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանը Մարտի 31-ին հրամանագիր ստորագրած է Յասմիկ Տոլմաջեանին Ֆրանսայի Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը՝ Փարիզ) նշանակելու առիթով: Այս մասին «Արմենպրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:
ՀՀ Նախագահի մէկ այլ հրամանագիրով՝ Վիգէն Չիտեչեանն ազատուած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան, Անդորրայի Իշխանապետութեան եւ Մոնակոյի Իշխանութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնէն: