ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Իրանի նախագահը այցելած է Անկարա, ուր ան պիտի քննարկէ Սուրիոյ ապագայի հարցերը, իր թիւրք եւ ռուս գործընկերներուն հետ։ Հասսան Ռոհանիի համար այն բոլոր միջազգային միջամտող ուժերը՝ որոնք առանց Սուրիական Պետութեան թոյլտւութեան են հոն, պէտք է հեռանան։
Իրանի նախագահ Հասսան Ռոհանին Թեհրանէն Անկարա մեկներէն առաջ ըսած է․ “Թիւրքիա մեր այցի նպատակն է քննարկել Սուրիոյ ապագան՝ թիւրք եւ ռուս կողմերուն հետ”։
Անօրինական որակելով միջազգային ներխուժումները Սուրիա առանց Սուրիական կառավարութեան թոյլտւութեան՝ ան հաստատած է․ “Սուրիոյ մէջ մարտահրաւէրները մշտապէս բազմաթիւ են։ Բացի ծագումնաբանական բաժանումներէն՝ այնտեղ կան արտաքին միջամտութիւններ, որոնք չեն դադրիր ահաբեկիչները հզօրացնելէ։ Ամերիկեան ուժերը մշտապէս ներկայ են Սուրիոյ արեւելքին։ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրաէլը կը ձգտին անկայունացնել Սուրիոյ Պետականութիւնը՝ որպէսզի մասնատեն զայն”։