ԿԱՐԻՆ – Ըստ Լիբանանեան “Ադ-Դիյար” լրագիրի՝ Իրանի եւ Ռուսաստանի նախագահները խնդրեցին Բաշշար ալ-Ասադէն, որ այցելէ Անկարա եւ մասնակցի եռակողմ գագաթաժողովին, որ տեղի ունեցաւ ապրիլի 4-ին՝ սակայն Սուրիոյ նախագահը հրաժարեցաւ։

«Ինչպէս որ Ռուսիոյ նախագահը, այդպէս ալ նախագահ Ռոհանին խնդրած էին Ասադէն, որ մաս կազմէ Անկարայի գագաթաժողովին, քանի որ աշխարհի երեսին գոյություն չունի երկիր մը՝ ներառեալ Ասադի ամենավատ թշնամիները, ինչպէս ԱՄՆ-ը եւ Սէուդական Արաբիան, որ կասկածի տակ կը դնէ անոր իշխանութեան մէջ մնալը»։
Սակայն ի՞նչ եղած էր Ասադի պատասխանը։ Ըստ լրագիրին՝ «Սուրիոյ նախագահը Անկարա որեւէ այց կը կատարէ՝ եթէ Թիւրքիոյ նախագահ Էրդողանը անձամբ իրեն կոչ ընէ եւ հրաւիրէ գագաթաժողովին»։
Այդ գործընթացին՝ Վլադիմիր Պուտինը անձամբ վերցուցած է հեռախօսը եւ խնդրած է Ասադէն երթալ Անկարա, ըսելով․ «Համաձայնիր գալ, եւ թոյլ տուր որ անձնապէս զբաղուիմ այդ հարցով»։ Դիմակայելով Կրեմլի ղեկավարի պնդումը՝ նախագահ Ասադը հաստատած է․ «Ոչ իմ արժանապատւութիւնս, ոչ ալ այն Երկրի արժանապատւութիւնը թոյլ չեն տար որ այցելեմ Անկարա»։ Կը թուի թէ Ռուաստանի նախագահը կրկին պնդած է այսպէս․ «Էրդողանը անձամբ կը հանդիպի ձեզի օդանաւակայանին մէջ, իսկ ես ութ ուղեկից մարտական ինքնաթիռ կ՛ուղարկեմ ձեր օդանաւին ընկերակցելու համար մինչեւ Անկարա»։ Սակայն Ասադը անսասան մնացած է իր դիրքին, կ՛աւելցնէ լրագիրը։