Արեւմտեան Հայաստանի ժողովուրդը (Բիթլիս, Տրապիզոն, Վան, Էրզրում, Խարբերդ, Տիգրանակերտ նահանգներն ու Կիլիկիան) ովքեր արմատախիլ եղած են քանի մը ծրագրուած ցեղասպանութիւններու ընթացքին՝ տեղի ունեցած 1894 թուականէն մինչեւ 1923 թուականը, ընդհանուր առմամբ կ՛ապրին հայրենիքէն դուրս: Սա կը նշանակէ, որ ժողովուրդ մը արմատախիլ եղած է, եւ կ՛երթայ դէպի մահ: Որեւէ ժողովուրդի համար կենսական խնդիր է՝ իր նախնիներու հողի վերադարձումը, ինչպէս հայ ժողովուրդի իրաւունքի վերականգնումը՝ Արեւմտեան Հայաստանի հանդէպ: Քանզի1920 թուականէն ի վեր մինչեւ այսօր՝ Արեւմտեան Հայաստանը բռնագրաւուած կը մնայ Թրքական պետութեան կողմէ:
Մինչդեռ Արեւմտեան Հայաստանը որպէս անկախ պետութիւն՝ իր իրաւական ճանաչումն ստացեր է 1920 թուականի Յունուար 19-ին, եւ պետութեան սահմանները գծուեր են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Ուիլսոնի կողմէ: Հիմք ընդունելով այս ամէնը՝ Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու Համագումարը 2005 թուականէն ի վեր իր շարքերէն ներս ներգրաւած է ցեղասպանութենէն փրկուած մարդկանց, որոնք կը մասնակցին Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու իրաւունքներու կիրառման աշխատանքներուն՝ յատկապէս ՄԱԿ-ի համակարգէն ներս: Ցեղասպանութենէն փրկուածներու սերունդները հաւաքուած եւ ստեղծած են Կառավարութիւն, Խորհրդարան, ինչպէս նաեւ տարբեր պետական կառոյցներ:
Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրենց պետութիւնն ունենալու իրաւունքն ունին՝ ինչպէս մնացած բոլոր ժողովուրդները: Նշենք, որ Արեւմտեան Հայաստանի հայերը լիիրաւ իրաւունքն ունին մասնակցելու իրենց երկրի քաղաքական կեանքին՝ դառնալով Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացի: Անհնար է գոյատեւել եւ յաւերժացնել մեր նախնիներուն գիտելիքները՝ առանց մեր երկրի! Մենք՝ Արեւմտեան Հայաստանի հայերս, իրաւունք չունի՛նք մոռնալու մեր նախնիներու հողը: Մենք մեր հողը կը կորսնցնենք այն ժամանակ՝ երբ կը մոռնանք զայն։

Մեր ազգի վերակառուցման միակ կառոյցը՝ Արեւմտեան Հայաստանի Կառավարութիւնն է, որ կրնայ երաշխաւորել մեր իրաւունքները։

CONTACT : Lydia MARGOSSIAN: hayrenik69@gmail.com 

                                                 

Արեւմտեան Հայաստանի Դրօշակըշ

Այս դրօշակը ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆ Անիւ-խաչի խորհրդանիշն է, Հայկական բազմահազարամեայ սուրբ խորհրդանիշը՝ զոր ամէն տեղ կը գտնենք։ Այն փորագրուած է Տիգրանակերտի ամրոցի պատերուն վրայ, եկեղեցիներու պատերուն, դամբարանային տապանաքարերու վրայ, Հայաստանի Արքայ Տիգրան Բ․-ի թագին որպէս նախշազարդ։ Դրօշակը օրհնուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա․-ի կողմէ 2 Մայիս 2014 թ․-ին։  

 

 

 

Télévision officielle :          http://westernarmeniatv.com/               Ne pas jeter sur la voie publique