Ապրիլի 9-ին Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեանի երդմնակալութեան արարողութեան։ Ներկայ էին Սերժ Սարգսեանը, Ն․Ս․Օ․Տ․Տ Գարեգին Բ-ն, կառավարութեան անդամները, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ, սփիւռքի հասարակական ու քաղաքական գործիչներ, բարձրաստիճան հոգեւորականներ, պաշտօնատար անձեր, առաջատար լրատուամիջոցներու ղեկավարներ:
ԱԺ յատուկ նիստը բացաւ ԱԺ նախագահը, ինչէն ետք դահլիճ բերուեցաւ ՀՀ պետական դրօշակը, նախագահական իշխանութեան խորհրդանշանը, ՀՀ Սահմանադրութեան մայր օրինակը եւ Վեհամօր Աւետարանը։
Նախագահի երդմնակալութենէն ետք տերունական աղօթքը հնչեցուց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ–ն, անկէ ետք արդէն պաշտօնն ստանձնած նախագահն իր առաջին ուղերձը յղեց ժողովրդին։