Արեւմտեան Հայաստանը կ՛արձագանքէ Ատրբէյջանի կողմէ Նախճաւանը օգտագործելուն՝ յարձակուելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ
Արեւմտեան Հայաստան – Կարինը կը դատապարտէ Ատրբէյջանական բանակի կրակոցները՝ որոնք արձակուած են Նախճաւանէն Հայաստանի Հանրապետութեան ուղղութեամբ, ըստ Արեւմտեան Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան յայտարարութեան:
Արեւմտեան Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտած է Ատրբէյջանական բանակի Նախճաւանէն արձակած կրակոցները՝ ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքերուն։
Արեւմտեան Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը նշած է նաեւ, թէ “Արեւմտեան Հայաստանը բողոք պիտի ներկայացնէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին՝ Ատրբէյջանական բանակին կողմէ Արեւմտեան Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը խախտելուն մասին:
Յիշեցնենք, որ Արեւմտեան Հայաստանը բազմիցս դատապարտած է խախտումը Նախճաւանի հանդէպ իր ունեցած ինքնիշխանութեան, եւ այնտեղ ոչնչացումը իր բազմադարեան ժառանգութեան։
Այդպիսի դատապարտումը եղած է Եւրոխորհրդարանի երկու բանաձեւերու խնդրոյ առարկան՝ 19 Յունուար 2006 թ․-ի P6_TA(2006)0028 բանաձեւն ու 16 Փետրուար 2006 թ․-ի P6_TA(2006)0069 բանաձեւը, որոնք կը վերաբերէին Ջուղայի միջնադարեան գերեզմանատան ոչնչացման՝ Ատրբէյջանական բանակին կողմէ։