ԿԱՐԻՆ – 2014 թ,-ի 30 Նոյեմբերին Բոլիվիոյ Խորհրդարանի երկու պալատներն ալ ճանչցան Հայոց դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը։ Բանաձեւը յատկապէս յայտարարեց․ “24 Ապրիլ 2015 թուականի գիշերը Երիտ-թիւրքերու ,,Միասնութիւն եւ Զարգացում,, կուսակցութեան քաղաքական ղեկավարները ձեռարկեցին ձեռբակալումն ու աքսորը մտաւորականներու, հասարական անուանի գործիչներու, հոգեւորականներու, բժիշկներու եւ այլ անձանց։ Ապա կազմակերպեցին հայ բնակչութեան զանգուածային կոտորածները Արեւմտեան Հայաստանի եւ Անատոլիայի տարածքին”։
Բոլիվիոյ բազմակուսակցական օրէնսդրական ժողովը կը կիսէ հայ ժողովուրդի պայքարը իր արդարացի հայցերուն համար՝ յարգելով մարդու իրաւունքները, որպէսզի վերականգնուի ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը, ուստի եւ անոնց կը յայտնէ իր համերաշխութիւնը։ Ան համապատասխանաբար կը վերահաստատէ իր անխախտ նուիրուածութիւնը մարդու իրաւունքներուն, ճշմարտութեան, արդարութեան, համերաշխութեան՝ դատապարտելով որեւէ բացասական քաղաքականութիւն, որ կ՛առնչուի ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու՝ որոնցմէ տառապած է հայ ժողովրդը։
Նոյեմբերի 30-ին տեղի ունեցած է իւրայատուկ արարողութիւն մը Բուոնէս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի անունը կրող Հայ Առաքելական տաճարէն ներս Արժանտինի մէջ, ուր Բոլիվիոյ Խորհրդարանի անդամներ հրաւիրուած էին որպէսզի ներկայացնեն հայ համայնքին դէմ 1915-էն 1923 թուականներուն կատարուած ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը։
Արժանտինի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Մելիքեանը եւ Արժանտինի թէմի առաջնորդ Արքեպիսկոպոս Գոյսակ Մուրադեանը ներկայ գտնուած են սոյն արարողութեան։ Բոլիվիոյ Խորհրդարանի փոխ-նախագահին ու Խորհրդարանի նախագահի պաշտօնակատար Զոնիա Գուարդիա Մելգարին ընկերակցած է Խորհրդարանի մէկ այլ անդամ՝ Ֆարիդես Ուէլլա Սուարէզը, որպէս Բոլիվիոյ Խորհրդարանի ներկայացուցիչը Արժանտինի մէջ տեղի ունեցող սոյն արարողութեան։