Մէկ նոր ստեղծագործութեան շնորհանդէսը կայացած է Ժնեւի հանրային տարածքին՝ 13 Ապրիլ 2018 թ․-ին։ Հայ համայնքը պահանջած է, ընդունած է Ժնեւ քաղաքը եւ իրագործած է ժամանակակից արուեստի քաղաքային Հիմնադրամը, ուստի եւ “Յիշողութեան Փողոցային Լամպերը” տեղ գտած է Թրեմբլիի զբօսայգիին մէջ։

Այս ստեղծագործութիւնը Ժնեւցիներն ու Հայերը իրարու կապող յարգանքի տուրքն է, որպէս իրենց պատմութեան բեկորներուն մէկ մասը, որ կտրուած է 19-րդ դարու աւարտէն ի վեր։ 1915-1917 թուականներուն օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ իրագործուած ցեղասպանութիւնը իւրայատուկ զգացումներ եւ համերաշխութեան գործողութիւններ յառաջացուցած է Ժնեւցի ժողովրդի շրջանակներուն մէջ, Ժնեւն ու անոր արուարձանները դարձնելով Զուիցերիոյ հայ համայնքի գլխաւոր նստավայր:
2008 թ․-ի Մայիսին՝ Ժնեւ քաղաքը քուէարկեց ի նպաստ յուշարձան կառուցելու հայերու եւ Ժնեւցիներու յիշատակին, որպէս ներդրում՝ ոգեղինութեամբ բացուելու եւ երկխօսելու վիրաւորուած ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ յիշատակին շուրջ։ Այնուհետեւ քաղաքային արդիական արուեստի Հիմնադրամին վստահուեցաւ մրցակցութեան կազմակերպման իրաւունքը, եւ ութ միջազգային հռչակաւոր արուեստագէտներ հրաւիրուեցան մասնակից դառնալու։
Մէլիք Օհանեան՝ հայկական ծագումով ֆրանսացի արուեստագէտը միաձայն յաղթեց իր “Յիշողութեան Փողոցային Լամպերը” նախագիծով։ Արուեստագէտին կողմէ մեծցուած, մերկացած իր բոլոր առանձնայատկութիւններէն՝ այս փողոցային կահոյքի առարկան այստեղ կը փոխակերպուի ինը բրոնզեայ տարրերու համադրութեան։ Թմբուկները կը դառնան փորագրուած գրութիւններու հենարանները՝ զանոնք կրելու ընտրուած ընդհանրապէս։ Արցունքի կաթիլ մը սառած ու փայլուն՝ որուն մէջ անցորդը կրնայ տեսնել իր եւ իր շրջապատի արտացոլումը, եւ փոխարինել լամպը։ Բանաստեղծական եւ զգացական ստեղծագործութիւնը հայեացք մը կը նետէ դէպի անցեալ՝ ամբողջովին ուղղուելով դէպի ապագայ։ Ան կը ձգտի անդրադառնալու յիշողութեան եւ հաւաքական բռնութեան՝ առաջարկելով զայն կիսելու վիրաւորուած յիշողութիւն կրող այլ համայնքներու եւ Ժնեւցիներու հետ։

Նախագիծը

Այս նախագիծը այնուհետեւ կենաքի կոչուեցաւ տասնամեակներ վերանայուելէ ետք եւ տեղ գտած երեք հիմնարար ուսումնասիրութիւններն ալ տարբեր պատճառներով վիճարկուեցան։ Տարբերակ մը ներկայացուեցաւ Վենետիկի Բիէնալին 2015 թուականին, աքսորի պահը՝ որ կ՛արտացոլէր Մէլիք Օհանեանի “Յիշողութեան Փողոցային Լամպերը” գործի Ժնեւեան թափառումները։ Հայաստանի Տաղավարը այնտեղ ստացաւ Ոսկէ Առիւծը այս տարուայ։
2018 թուականին Թրեմբլի զբօսայգին վերջապէս կ՛ողջունէ համընդհանուր հասանելիութեան ստեղծագործութիւնը՝ հրաւիրելով զբօսանքի, ծանօթանալու անոր եւ հանգստանալու համար։ Հայկական համայնքին կողմէ առաջարկուած այս ստեղծագործութիւնը կուգայ ամրապնդելու Ժնեւ քաղաքի ազդեցութիւնը՝ ինչպես մարդասիրական, այնպէս ալ գեղարուեստական մակարդակներով։

Ցուցահանդեսի բացման նախօրեակը՝ Ուրբաթ 13 Ապրիլ 2018թ․, ժամը 18-ին, Թրեմբլի զբօսայգի (Մօլիբօ փողոցին կից)։

Ծրագրավորումն ու միջնորդային գործողութիւնները՝ այս ստեղծագործութեան շնորհանդէսի արարողութեան ծիրէն ներս

ՅԻՇԵՆՔ/ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ – 30 Մարտէն 29 Ապրիլ 2018 թ․, Ուիլսընի նաւահանգիստ – Ցուցահանդէսի տնօրէն՝ Դէնիս Պեռնետ
ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ – 14 Ապրիլէն 17 Յունիս 2018թ․, Թրեմբլի զբօսայգի – ցուցահանդէսի կոմիտէ՝ Ռաֆի Ղարիբեան, Իրմա Կիլակեան, Սեւան Յարութիւնեան, Թալին Ղարիբեան, Մեդա Խաչատուրեան
ՖԻԼՄԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ – 29 Մայիս 2018, Սուրբ Գերվէ Թատրոն, այլ օրեր ալ պիտի հետեւին – նախագիծի յանձնակատար՝ Աննա Բարսեղեան
Ծրագրաւորման ամբողջացումն ու միջնորդական գործողութեան աշխատանքներու մանրամասները 2018 թ․-ի 13 Ապրիլէն՝ տեսնել www.reverberes.ch