ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն ներս Սուրիոյ դեսպանը յայտարարած է, որ իր երկիրը պիտի օգտագործէ իր իրաւունքը՝ պաշտպանելու համար իքնզինք նախայարձակներէն։

Բաշշար ալ-Ջաֆարին ընդգծած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին, որ “եթէ ԱՄՆ-ը, Մեծ Բրիտանիան եւ Ֆրանսան մտածեցին որ կրնան մեր վրայ յարձակիլ՝ իր երկիրը թոյլ չի տար որեւէ մէկուն, որ ոտնահարէ իր ինքնիշխանութիւնը”, աւելցուցած է նաեւ “Ես ձեզի չեմ սպառնար՝ բայց կը խոստանամ”։
Ջաֆարին դատապարտած է ԱՄՆ-ին, Մեծ Բրիտանիային եւ Ֆրանսային, որ «աշխարհը կը ներքաշեն դէպի պատերազմի եւ նախայարձակումներու անդունդ»։
“Երեք մշտական անդամներ ամբողջ աշխարհը կը ներքաշեն պատերազմի եւ վայրագութեան անդունդին մէջ, եւ կը ձգտին խաթարել Անվտանգութեան Խորհուրդի աշխատանքը՝ պահպանելու միջազգային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը”, յայտարարած է ան։
“Արեւմտեան հսկայական ռազմական ուժի զարգացումը Միջերկրական ծովի արեւմուտքին՝ ուղղուած չէ ահաբեկիչներուն, այլ Սուրիոյ Պետութեան՝ որ կը պայքարի ահաբեկչութեան դէմ” ըսած է պարոն Ջաֆարին։
Ան ընդգծած է, որ “որ «բարձրագոյններէն ոմանք միջազգային յարաբերութիւններ կը մշակեն անդունդի եզրին՝ տեսանիւթի մը հիման վրայ”, պատրաստուած Ճերմակ Սաղաւարտաւորներուն կողմէ՝ կոչուած “ահաբեկչական հրահանգներ՝ արեւմտեան հետախուզական խումբին կողմէ”։
Ան ընդգծած է, որ “այդ երկիրներուն մէջ մեծամասնութեան լռութիւնը վայրագ քաղաքականութեան հանդէպ՝ չի նշանակեր որ անոնք միաձուլուած են իրենց կառավարություններուն, այլ անոնք կը վախնան ամբարտաւանութենէն եւ տնտեսական ճնշումէն ու անոնց վայրագ ելոյթներէն»:
Ան ընդգծած է նաեւ, որ “Սուրիական կառավարութիւնը նախաձեռնած է հրաւիրելու քիմիական զէնքերը արգիլող Կազմակերպութիւնը՝ որպէսզի Սուրիա ուղարկէ փաստահաւաք առաքելութիւն մը, ուժի եւ վստահութեան պայմաններով, եւ ոչ թէ թուլութեան”, ըսած է ան աւելցնելով, թէ կ՛ակնկալուի որ առաքելութիւնը հնարաւորին չափ շուտ կը սկսի իր աշխատանքը:
Պարոն Ջաֆարին շեշտած է, որ “քիմիական զէնքերու օգտագործումը պատերազմական յանցագործութիւն է, սակայն աւելի մեծ յանցագործութիւն է պատերազմը ինքնին, որն անմիջապէս պէտք է կանգնեցուի”։

Յիշեցնենք, որ 2016 թուականի Սեպտեմբեր 21-ին Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը յիշեցուց բոլոր առկայ ուժերուն, որ նախքան ներգրաւուիլը պատերազմի մը մէջ՝ որ կրնայ ոչնչացնել տարածաշրջանը, անհրաժեշտ է անցնիլ քաղաքական եւ իրաւական գործընթացի խորքէն, որ սկսած է առաջին համաշխարհային պատերազմէն յետոյ՝ երբ վաւերացուած է Սեւրի դաշնագիրը, որ ստորագրուած ու մասամբ կիրառուած է երկիր մոլորակի բոլոր մասնակից մեծ տէրութիւններուն կողմէ, որոնք այսօր ալ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող հակամարտություններուն ընդգրկուած մարտունակ ուժեր:

Աւարտին հասցնել Խաղաղութիւնը՝ նախքան պատերազմ սկսիլը, ուրիշ լուծում չկայ (Ա․Ա․)։