ԿԱՐԻՆ – Թիւրքիոյ նախագահ Ռեջեպ Թայյիպ Էրդողանը յայտարարած է նախագահական եւ խորհրդարանական վաղաժամ ընտրութիւններ՝ Յունիսի 24-ն։
Պարոն էրդողանը յայտարարած է, որ այս որոշումը ընդունած է ազգայնական ընդդիմութեան շարժման առաջնորդ Դէվլէտ Բահչելիին հետ հանդիպումէն յետոյ, երբ վերջինս կոչ ըրած է վաղաժամ ընտրութիւններ անցնելու։ Էրդողանը յայտարարած է, որ վաղաժամ ընտրութիւնները թոյլ կուտան Թիւրքիային վերանայելու այժմէական խնդիրներն ու մարտահրաւէրները՝ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումներու եւ այլ իրադարձութիւններու կտրուածքով:
Խորհրդարանական եւ նախագահական վաղաժամ ընտրութիւնները նախատեսուած են իրականացնելու 2019 թուականի Նոյեմբերին։
Դէվլէտ Բահչելին առաջարկած է վաղաժամ ընտրութիւնները կատարել 26 Օգոստոսին, ինչը կը համընկնի 1071 թուականի Մանազկերտի ճակատամարտի յիշատակի օրուան, երբ թիւրքերը յաղթանակ տարած են Բիւզանդական զօրքերուն դէմ եւ գերեվարած են Ռոմանուս IV կայսրին։
Ան յայտարարած է, որ այս ընտրութիւնները “դաս մը պիտի տան Թիւրքիոյ թշնամիներուն”։
Ընդդիմադիր Ժողովրդական հանրապետական կուսակցութիւնը կոչ կ՛ընէ արտակարգ իրավիճակի վերացման
Այս կտրուածքով, Հանրապետական ժողովրդական Կուսակցութիւնը՝ թրքական ամենամեծ ընդդիմադիր կուսակցութիւնը, առաջարկած է վերացնել արտակարգ իրավիճակի դրութիւնը՝ անմիջապէս վաղաժամ ընտրութիւններու թուականը յայտարարելէ ետք։
“Արտակարգ իրավիճակը պետք է անհապաղ վերացուի, եւ ընտրութիւնները պէտք չէ ընթանան արտակարգ իրավիճակի պայմաններու տակ”, յայտարարած է կուսակցութեան խօսնակ Բուլենտ Թըզգանը, աւելցնելով, որ երկիրը պէտք է չեղեալ համարէ արտակարգ իրավիճակը՝ այս օրուընէ։
Այս ընթացքին, թրքական խորհրդարանը Չորեքշաբթի օրը վաւերացուցած է երեք ամսով երկարաձգումը արտակարգ իրավիճակին՝ յաջորդաբար եօթերորդ անգամ ըլլալով։ Ուստի վաղաժամ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան արտակարգ իրավիճակի պայմաններուն մէջ։
Արտակարգ իրավիճակը յայտարարուած էր յեղաշրջման փորձի հետեւանքով՝ 2016 թուականի Յուլիսին։
“Արեւմտեան Հայաստանի հայրերը պէտք չէ դիտուին որպէս թշնամիներ՝ որովհետեւ անոնք կը ցանկան կիրառումը իրենց անօտարելի իրաւունքներուն, եւ վերականգնումը իրենց ազգային ինքնիշխանութեան՝ հակառակ որ ցեղասպանութիւն մը վերապրած են”։