ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – “Օրսէյի Նաւամատոյց”-ը կը շարունակէ նպաստել Սուրիոյ վրայ միջազգային դաշնակիցներու հարուածներու իրաւասութեան անորոշութեան։
Գլուխ Ա․ – Այնտեղ կ՛ըսուի. «Շարք մը մահացու քիմիական յարձակումներ իրականացուած են Դումայի տարածքին, 2018 թուականի Ապրիլի 7-ին Շաբաթ օրը կէսօրէ ետք, եւ մենք կը գնահատենք բարձր մակարդակի վստահութեամբ, որ ատոնք վարչակարգի ըրածներն են:
Գլուխ Բ․ – 2017 թուականի Ապրիլէն ի վեր, Սուրիական վարչակարգը բազմապատկած է քիմիական զէնքերու եւ թունաւոր նիւթերու օգտագործումը՝ իր ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին։
Որպէս եզրակացութիւն […] Ֆրանսան ուրեմն կը գնահատէ, առանց որեւէ կասկածի, որ (1) քիմիական գրոհ տեղի ունեցած է Դումայի քաղաքացիներուն վրայ 2018 թ.-ի Ապրիլի 7-ին, եւ (2), որ գոյութիւն չունի մէկ այլ ճշմարիտ տեսութիւն՝ բացի անկէ, որ Սուրիական բանակի ուժերու գործողութիւնն է՝ իրականացուած համընդհանուր գրոհով Արեւելան Ղութայի վրայ […]։
Ըստ Արմենակ Աբրահամեանի, այս զեկուցագիրը թոյլ չի տար Ֆրանսայի կառավարութեան՝ ներկայացնելու որեւէ ապացոյց, թէ Սուրիական վարչակարգն է կանգնած Դումայի վրայ Ապրիլի 7-ին քիմիական գրոհի ակունքներուն, այնքանով որքանով այդ յարձակումը տեղի ունեցած ըլլայ իրապէս քիմիական նիւթերու օգտագործմամբ, ուստի հարկ է ցոյց տալ շօշափելի ապացոյց։
“Ահա թէ ինչու ես կը հրաւիրեմ քաղաքացիական հանրութիւնը՝ որպէսզի այս զեկոյցը կարդալով իրենց կարծիքը ձեւաւորեն” յայտարարած է Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի Նախագահը։
Զեկոյցը տեղադրուած է Արտագին Գործոց նախարարութեան միջոցով։
https://www.diplomatie.gouv.fr/IMG/pdf/180414_-_syrie_-_synthe_se_-_les_faits_cle81d238.pdf
Վերջին լուրեր – Ռուսաստանի արտագին գործոց նախարարութիւնը գնահատած է, որ Սուրիոյ պետութեան դէմ Բրիտանացիներու, անգլօ-բրիտանացիներու հարուածներուն իրական նպատակն էր Սուրիական իշխանութիւններուն ընդդիմադիր զինեալներուն թոյլ տալ՝ խորունկ շունչ քաշելու։
Ռուսիոյ Արտագին Գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովան Հինգշաբթի օրը մամլոյ ասուլիսի մը ժամանակ յայտարարած է․ “Սուրիացիները արեւելեան Ղութայի մէջ յայտնաբերած են Գերմանական քլորի պարունակիչներ եւ Սալիսբըրիի մէջ արտադրուած ծխածին ռումբեր”։
“Աստիճանաբար աւելի ու աւելի շատ ապացոյցներ կ՛առաջանան, որ ոչ մէկ քիմիական գրոհ տեղի ունեցած է Դումայի վրայ Սուրիական իշխանութիւններուն կողմէ”, ըսած է Զախարովան։
“Այն ժամուն երբ Քիմիական Զէնքերը արգիլող Կազմակերպութեան” փորձագէտները սկսած են ուսումնասիրել քաղաքը՝ նոր հաւաստիացումներ տրուած են, որ այդ ենթադրեալ քիմիական գրոհը պարզապէս խաղ մը եւ լուրջ լրատուական սադրանք մը եղած է”, յայտարարած է Զախարովան։
“Սուրիական կառավարական ուժերը յայտնաբերած են քլորի պարունակիչներ, այդ ահաւոր քիմիական զէնքերը փոխադրուած են Գերմանիայէն, որոնց շարքին նաեւ ծխածին ռումբեր՝ որոնք արտադրանքն են (ուշադրութիւն եթէ կը հաճիք), Սալիսբուրի քաղաքի” յայտարարած է Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան խօսնակը։