ԿԱՐԻՆ, ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Արմենակ Աբրահամեանը՝ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի Նախագահը արտայայտուիլ կը ցանկայ հաշուի առնելով իրադարձութիւնները՝ որոնք տեղի կ՛ունենան Երեւանի մէջ, ամբողջ աշխարհի հայութեան ազգային գիտակցութեան ազատագրման միտումով։

Սիրելի հայրենակիցներ,

Վերջերս Երեւանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին տեղի ունեցած են իրադարձութիւններ՝ որոնք մեծ կարեւորութիւն ունին։

1/Կիրառութեան մէջ դնելու Սահմանադրական բարեփոխումները՝ որոնք արտայայտուած են 2015 թուականին, եւ որոնք թոյլ կուտան փոխելու նախագահական վարչակարգը խորհրդարանականի։
Այս առումով Արեւմտեան Հայաստանը 2016 թ․-ի Մայիսի 9-ին նախաձեռնեց իր սեփական սահմանադրական բարեփոխումները՝ ինչը նոյնպիսի փորձառութիւն մըն է։
2/Այս ապստամբութիւնը Հայաստանի երիտասարդութեան՝ որ ազգի աշխոյժ մասնիկն է, կոչ կ՛ընէ փոփոխութիւն մտցնելու կառավարութեան եւ յատկապէս քաղաքականութեան մէջ։
Ազգի աշխոյժ ուժերու խմբակցութեան ապստամբութիւնը թոյլ կուտայ որոշակիօրէն արտացոլելու իրական կենսունակութիւնը Հայաստանի զաւակներուն՝ որոնց մասին շատ քիչ կը լսենք, որոնցմէ հազարաւորներ իրենց դժգոհութիւնը կ՛արտայայտեն 7 օրերէ ի վեր:
Սակայն պէտք է հաշուի առնենք նաեւ գործնականօրէն բարձր հասունութիւնը, գիտակցութիւնն ու վերահսկողութեան ունակութիւնը Պետութեան անվտանգութեան ուժերուն՝ որոնք կ՛աշխատին խուսափիլ որեւէ արիւնայեղութենէ։
Այս ամուր հիմքերուն վրայ է, որ երկխօսութիւնը պէտք է ծաւալուի քաղաքական ուժերուն եւ ներկայ կառավարութեան միջեւ, որոնք ցոյց տուին իրենց ազգային պատասխանատւութեան բարձր մակարդակը՝ այն նպատակով որ հայ ժողովուրդին ապագայի հեռանկարներ տրամադրուին:
Արեւմտեան Հայաստանը, Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Արցախը պէտք է միասնաբար դիմակայեն բոլոր ակնկալուող մարտահրաւէրներուն, ամենաբարձր մակարդակով հաշուի առնելով Պետութեան հայեցակարգը:
Այս միասնական Պետութիւնը Հայաստանի, որն առաջին պետականութիւնն է աշխարհի, ուստի եւ ամենահինը՝ պէտք է վերականգնէ իր ազնուական հեղինակութիւնը եւ դարձեալ օրինակ դառնայ խաղաղութեան, անվտանգութեան, լաւ կենցաղի եւ ազգային միասնականութեան։
Ես կը խոնարհիմ մեր զոհուած երկու միլիոն նահատակներուն առջեւ, ինչը ցոյց կուտայ որ մենք իրաւունք չունինք սխալուելու, սա մեր կոթողային սահմանադրութեան առաջին յօդուածն է։
Թող իւրաքանչիւրը կատարէ իր առաջին քայլը, մենք միասնաբար պէտք է հասնինք այնտեղ, մենք այլընտրանք չունինք։

Արմենակ Աբրահամեան
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի Նախագահ