Դատապարտելով ֆրանսական պետութեան ներգրաւուածութիւնը Սուրիոյ Լաֆարժ գործարանի եւ Դաէշի միջեւ Ֆինանսական բանակցութիւններուն՝ քաղաքագէտ Բասսամ Թահհանը կը շեշտէ պատասխանատւութիւնը ժամանակի քաղաքական գործիչներուն, որոնց կը գլխաւորէ Ֆրանսուա Հոլլանդը։
Ֆրանսական ռադիօ-հեռուստատեսութիւնը Ապրիլի 24-ին ընդունած է Բասսամ Թահհանին՝ Սուրիական ծագումով քաղաքագէտին, զրուցելու համար Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած Լաֆարժի գործարքին մասին։
Ըստ Լիբերասիոնի կողմէ Ապրիլ 22-ին նոր հրապարակուած յայտնութիւններուն՝ կ՛ընդգծուի որ ֆրանսական Պետութիւնը տեղեակ եղած է յատկապէս ֆինանսական բանակցութիւններէն, որոնք տեղի ունեցած են Սուրիոյ հիւսիսին գտնուող ֆրանսական ցեմենտի ընկերութեան եւ ահաբեկչական իսլամական Պետութեան միջեւ։
https://francais.rt.com/france/50102-etat-francais-informe-tractations-lafarge-daesh
Բասսամ Թահհանին համար ոչ մէկ կասկած կայ, որ Ֆրանսան այդ քննարկումներու կիզակէտին էր․ “Կը հաւատամ, որ Ֆրանսական Պետութիւնը ոչ միայն տեղեակ էր՝ այլ նոյն ինքն էր կազմակերպողը”, ան մասնավորապէս յայտարարեց։ Ան յիշեցուց, որ Լաֆարժը ոչ միայն հարկեր վճարած է Դաէշին որպէսզի իր աշխատակիցները կարենան երթալ գալ այդ արդիւնաբերական տարածք՝ այլեւ նաւթ գնած է ահաբեկչական կազմակերպութենէն, աշխատցնելու համար իր գործարանը։ Բասսամ Թահհանը մանրամասնած է նաեւ ահաբեկիչներուն պէտք եկած նիւթերուն ցանկը որոնք հայթայթուած են Սուրիոյ մէջ գտնուող Լաֆարժէյի գործարանին միջոցով, որոնց շարքին քիմիական նիւթեր եղած են, որոնք ալ հնարաւորութիւն տուած են Դաէշին՝ “պատրաստելու ռումբեր եւ հրթիռներ”։
Աշխարհաքաղաքագէտին համար՝ Լաֆարժէյի պատասխանատուներու մեղադրութիւնը պարզապէս “ապահովագրութիւն է”։ Բասսամ Թահհանը չի՛ վարանիր նշելու Ֆրանսայի քաղաքական ներկայացուցիչներու պատասխանատւութիւնը։ Անոնց համար, Լաֆարժէյի կառավարիչները “խամաճիկներ են՝ քաղաքական ներկայ գործիչներու ձեռքին, այսինքն Ֆաբիուսի, Վալլի, նոյն ինքն Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուայ Հօլլանդի”։ “Անոնք տեղեկացուած են” կը կրկնէ իր գնահատականը, աւելցնելով․ “Ծրագիրը Ասադին տապալելու համար էր”։