Երեկ ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարեց Մայիսի 3-ին վարչապետի պաշտօնին իր թեկնածութիւնն առաջադրելու եւ հանրապետութեան ամբողջ տարածքին խաղաղ անհնազանդութեան շարժումները դադրեցնելու մասին:
Փաշինեանը յայտարարեց, որ «Ծառուկեան» դաշինքի, «Դաշնակցութեան» եւ «Ելք» դաշինքի պատգամաւորներն իրենց ստորագրութիւնը կը դնեն՝ որպէսզի ինքն առաջադրուի վարչապետի թեկնածու: «ՀՀԿ-ն այսօր խմբակցութեան նիստ անցուցած է, որու արդիւնքներով յայտարարած է, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն պիտի սատարէ ժողովուրդի թեկնածուին: Այսինքն, եթէ հաշուի առնենք այսօրուայ քաղաքական յայտարարութիւնները՝ վարչապետի ընտրութիւններու երկրորդ փուլին մեր թեկնածուի ընտրութեան խնդիրը գործնականապէս լուծուած է: Ատոր համար մենք պէտք է ընենք ճշգրիտ գործողութիւններ: Վաղը մենք ոչ Երեւանի, ոչ մարզերի մէջ որեւէ շարժում պիտի իրականացնենք, եւ դուք պիտի հանգստանաք ,- նշեց Նիկոլ Փաշինեանը:
Նիկոլ Փաշինեանը բոլորին կոչ ըրաւ վարչապետի ընտրութեան օրը՝ Մայիսի 8-ին կրկին հաւաքուելու: