Սիերլի բարեկամներ, յարգելի հայրենակիցներ,

26 տարի առաջ 1992 թ.-ի Ապրիլին՝ Ստեփանակերտի մէջ սկսեցան Շուշիի ազատագրման զօրավարժութիւնները:
Սկիզբէն, եւ որպէս այդ զօրավարժութիւններուն մաս՝ Ազատագրական բանակի մարզիչները (Արեւմտեան Հայաստանի մարտիկներու գումարտակը) աշխատեցան պատրաստելու կամաւոր զինեալներ, որպէսզի զօրավար Արկադի ՏԷՐ ԹԱԴԷՈՍԵԱՆԻ հրամանատարութեամբ մասնակցել Շուշին ազատագրումը։

Շուշին ազատագրելու նախապատրաստութենէն բացի՝ Արցախի ամբողջ տարածքի բոլոր ճակատները կամաւոր զինեալներու վերահսկողութեան տակ էին, կանխելու համար Ատրբեյջանական բանակի ներթափանցումները։ Այս ռազմավարութիւնը որոշած էր կեդրոնանալ Շուշիի ազատագրման վրայ:

Հայ ազգի համար Շուշիի ազատագրումը կը խորհրդանշէր ոչ միայն Արցախի ազատագրման սկիզբը՝ այլեւ հայ ժողովուրդի ձգտումներու ազատագրումը, վերականգնումը իր անկախութեան, ներառեալ Արեւմտեան Հայաստանի՝ քանի որ Արցախի ազատագրումը իրականացաւ նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի կամաւոր զինեալներու մասնակցութեամբ:

1918 թուականի Դեկտեմբերին՝ Զօրավար Անդրանիկը Շուշիէն 40 կմ հեռաւորութեան վրայ էր, երբ ան Բաքու գտնուող Բրիտանական զօրավար Վ․Մ․ Թոմսընէն հաղորդագրութիւն ստացաւ, ուր իրեն կը թելադրուէր հեռանալ Ղարբաղէն, քանի որ համաշխարհային պատերազմը աւարտուած էր (բացի Մուստաֆա Քեմալի համար) եւ հայկական որեւէ ռազմական գործողութիւն՝ կրնար բացասաբար անդրադառնալ հայկական հարցի լուծման, որ շուտով 1919 թ.-ին պիտի ուսումնասիրուէր Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովին կողմէ։ Այդ պատճառով ալ Անդրանիկն ու իր զօրքերը նահանջեցին Զանգեզուր.

Բայց քանի որ Շուշին 86 տարի անց, 2004 թուականի Դեկտեմբեր 17-ին ազատագրուեցաւ՝ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային խորհուրդը պաշտօնապէս յայտարարեց հայ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ Արեւմտեան Հայաստանի անկախութեան իրաւունքը։

Այսօր մենք կը տօնենք Շուշիի ազատագրման 26-րդ տարին՝ ինչպէս վաղը պիտի տօնենք ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրումը:

Մարսէյլի մէջ այս խաչքարին առջեւ, որ միակն է Եւրոպայի մէջ` ի յիշատակ Արցախի ազատագրման կամաւոր զինեալներու յիշատակին, մենք կ՛ըսենք․

Փառք Արցախին, փառք Արեւմտեան Հայաստանին, փառք հայ ժողովուրդին։

ԱՐՄԵՆԱԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի Նախագահ