Արեւմտեան Հայստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան հրապարակումէն երկու տարի անց` այն այժմ վստահելի գործիք է, որ կ՛ամրապնդէ Մարդու Իրաւունքները։ Բացի այդ, այն ինչ անհնար էր քանի մը տարի առաջ՝ այժմ ան կը փոխէ իրականութիւնը:
Սա ցոյց կուտայ արդիւնաւետօրէն, որ ժողովուրդի մը կամքը կրնայ յաղթահարել անսահման դժուարութիւններ՝ իր պատմութեան մէջ նոր տեսլական մը ձեռք բերելու, եւ պատրաստելու համար իր ապագան՝ եւ ոչ միայն վերականգնելու անցեալի իրականութիւն մը:
Այսպիսով Արեւմտեան Հայաստանի Սահմանադրութիւնը՝ ինչպէս որ պէտք է ըլլար, չէ յենուած ցեղասպանութեան վրայ՝ այլ Հայկականութեան հայեցակարգին վրայ։ Այսպիսով ան կը յաղթահարէ իր զոհ ըլլալու հանգամանքը` ընդգծելով այն փաստը, որ հայ ժողովուրդը արժէք կը ներկայացնէ Մարդկութեան համար՝ անկախ պատմական ցեղասպանութեան իրողութենէն:
Այս առումով, սա սահմանադրութիւնն է բնիկ ժողովուրդի մը, ով կը պնդէ իր բնութագիրը առանց վախի, քանի որ նոյն ինքը մասնակցած է մշակման բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու Հռչակագիրին՝ որ 2007 թուականին ճանչցուած է ՄԱԿ-ին կողմէ: Թէեւ այս Սահմանադրութիւնը նորօրեայ է՝ բայց արդէն ունի հարուստ պատմութիւն, ինչը լրացուցիչ արժէք է:
Ուստի այս տարեդարձը ցոյց կուտայ առաջընթացի մը առկայութիւնը, ինչը պիտի հանգեցնէ ժողովուրդի մը եւ անոր նախնիներու հողի ազատագրման՝ մէկ կողմէ իրաւական եւ միւս կողմէ ալ ռազմավարական մօտեցմամբ, ամբողջովին յենուելով Միջազգային Իրավունքին վրայ:
Նիկոս Լիւգերոս
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական Խորհուրդի Նախագահ