“Առանց 1918 թ.-ի Մայիսի 28-ի Սարդարապատի յաղթանակին՝ ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը գոյութիւն չէր ունենար”, ըսած է Նախագահ Սերժ Սարգսեանը։
Նոր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կ՛աւելցնէ՝ թէ “Իր երկիրը պատրաստ էր վերականգնելու Թիւրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները առանց նախապայմաններու”։
Փորձենք աւելի լաւ հասկնալ իրավիճակը:

Թէ ինչո՞ւ 1918 թ.-ի Մայիս 28-ն համապատասխանած է անկախութեան մը տարեթիւին՝ երբ անկէ առաջ 1918 թ․-ի Յունուար 11-ին թրքական Հայաստանը (Արեւմտեան Հայաստանը) Ռուսիոյ կողմէ անկախ ճանչցուած էր:

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Անդրկովկասի քաղաքական ամբողջութեան լուծումով եւ Վրաստանի ու Ատրբէյջանի անկախութեան հռչակումով ստեղծուած նոր դրութեան հանդէպ՝ Հայոց Ազգային խորհուրդը իրեն յայտարարում է հայկական գաւառների գերագոյն եւ միակ իշխանութիւնը: Որոշ ծանրակշիռ պատճառներով թողնելով մօտիկ օրերում կազմել Հայոց Ազգային Կառավարութիւն՝ Ազգային խորհուրդը ժամանակաւորապէս ստանձնում է կառավարութեան բոլոր ֆունկցիաները հայկական գաւառների քաղաքական եւ վարչական ղեկը վարելու համար։
Հայոց Ազգային խորհուրդ
1918թ. Մայիսի 30, Թիֆլիս

Տես՝ Սիմոն Վրացեան, «Հայաստանի Հանրապետութիւն», Երեւան, «Հայաստան», էջ 159-162

Իրոք, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ անցեալ տարի կը նշէր իր 26 գարնուններու յոբելեանը՝ 2018 թ․-ի Մայիս 28-ին պիտի նշէ 1918-էն 1919 թուականներուն հայկական որոշ (Կովկասեան) մարզերու ինքնիշխանութեան հռչակման 100-ամեակը։

Սակայն մենք պէտք է անյապաղ յիշեցնենք, որ սա պէտք ըլլայ «Հայկական շրջաններ» (Հայկական գաւառներ) խորագիրին ներքոյ՝ եւ ո՛չ թէ “Հայաստանի Հանրապետութիւն” անուան տակ, որովհետեւ տուեալ հռչակագիրը ստորագրուած է Թիֆլիսի մէջ 30 Մայիս 1918-ին։

Պատմական-իրաւական մակարդակի վրայ սխալը կ՛ընդգծուի՝ երբ նկատի կ՛ունենանք այն հաւակնութիւնը, իբրեւ թէ “Հայաստանի Հանրապետութիւն”-ը առաջին հանրապետութիւնը եղած է, երբ այսօր լաւ գիտենք, որ առաջին անկախ Հայկական Պետութիւնը եղած է Արեւտեան Հայաստանը (թրքահայաստանը)՝ ճանչցուած 11 Յունուար 1918-ին Ռուսաստանի կողմէ (Ռուսական Հռչակագիր), եւ ո՛չ թէ “Կովկասի Հայկական Հանրապետութիւնը”։

Բացի այդ, «1918 թ.-ի Հայաստանի Հանրապետութիւնը» յայտարարուած էր Դաշնակցութիւն Կուսակցութեան անդամներուն կողմէ՝ ի վնաս Արեւմտեան Հայաստանի Պետութեան, որ բռնագրաւման տակն էր թրքական բանակի՝ Եռեակ-Դաշնակիցներուն դէմ անոր մղած պատերազմին ժամանակ։

Մինչդեռ Արեւելեան Զօրագունդի հայկական միաւորները ազատագրեցին Կիլիկիան՝ ծունկի բերելով թրքական բանակը, երբ Զօրավար Անդրանիկի զօրամիաւորները պարտութիւն կրեցին Էրզրումի մէջ՝ Թիֆլիսի Հայկական Ազգային Խորհուրդի աջակցութեան բացակայութենէն։

Հայոց Ազգային Խորհուրդի յայտարարութենէն հինգ օր անց՝ Դաշնակցութիւն Կուսակցութեան անդամները 1918 թ․-ի Յունիս 4-ին (Սարդարապատի յաղթանակէն մէկ շաբաթ ետք), Բաթումի մէջ բանակցութիւն վարելով Թիւրքիոյ հետ Կովկասի հայերու Հանրապետութեան սահմաններուն շուրջ՝ 12․800 կմ թողուցին Ատրբէյջանին, որոնք էին Զանգեզուրը, Ղարաբաղը, Լոռին եւ Սեւանայ լիճի կէսը:

Բաթումի պայմանագիրը ստորագրուեցաւ Բաթումի մէջ` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ, 4 Յունիս 1918-ին։ Այն բաղկացած էր 14 յօդուածներէ։ Զօրավար Անդրանիկն ու Գարեգին Նժդեհը բողոքեցին այդ արձանագրութիւններուն դէմ եւ հեռացան Դաշնակցութիւն Կուսակցութենէն՝ հիմնելու համար հայկական լեռնային (Զանգեզուրի) Հանրապետութիւնը։

Այսօր ձեւացնել թէ պիտի տօնուի 1918 թ.-ի Մայիս 28-ի Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան օրը՝ կը նշանակէ առիթ տալ Ադրբեջանին, որ պահանջներ ներկայացնէ վերը նշուած շրջաններուն նկատմամբ, կարճ ասած, ովքեր կը նշեն այս առիթը՝ նաեւ կը ճանչնան Ատրբէյջանի տարածքային պահանջներու իրաւունքը անկէ, որովհետեւ անոնք 1918-ի Հանրապետութեան մաս չեն կազմած, եւ Ատրբէյջանը հիմա կը պատրաստուի 1918 թուականի Մայիս 28-ի իր անկախութեան հռչակման 100-ամեակը ոգեկոչել:

Այնուհետեւ հարցը բարդ է, անկախ անկէ, կը տօնուի՞ թէ ոչ Հանրապետութեան մը անկախութեան հռչակումը՝ որ հանդիսացած է Թիւրքիոյ կողմէ ճանչցուած կողմ (Բաթումի պայմանագիր), այն ալ Արեւմտեան Հայաստանի հայ ժողովրդի ցեղասպանուելէն ետք՝ առանց հաշուի առնելու որեւէ խնդրոյ առարկայ կողմի հարցը, հաշվի չառնելով Արեւմտեան Հայաստանի հայ խաղաղ բնակիչներու ոչնչացման ծրագիրի հարցը, երբ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Արեւելեան Զօրագունդը (Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ հայկական բանակը) Եռեակ-Դաշնակիցներու կազմին մէջ կը պատերազմէր Թիւրքոյ դէմ (անոնց արարքը կը նշանակէ` թշնամիին հետ պայմանագիր կնքել)։

Վերի քարտէսին վրայ ճշգրտօրէն կը նկատենք Դաշնակցական կառավարութեան ստորագրած Բաթումի պայմանագիրի հետեւանքները Կովկասի հայկական Հանրապետութեան վրայ, եւ անկէ բխող Ատրբէյջանի պահանջքները։
Մինչ հայկական զօրքերը կը շարժուէին դէպի Համամլու եւ Ալեքսանդրապոլ՝ Խատիսեանի պատուիրակութիւնը կը շտապէր դէպի Բաթում։ Թրքական վերջնագիրը Անդրկովկասեան Դաշնութեան՝ կ՛աւարտուէր Մայիսի 29-ի երեկոյեան ժամը 8-ին:
Խատիսեանը նոյն օրը հասնելով՝ անմիջապես ուզեց հարցազրոյց ունենալ Խալիլ Բէյի հետ, որուն ընթացքին ան ընդգծեց, որ վերջնագիրն ուղարկուած էր կառավարութեան մը, որ այլեւս գոյութիւն չունէր: Խալիլը հարցը կտրուկ ուղղեց` յայտարարելով, որ վերջնագիրն այժմ ուժի մեջ է, եւ կը վերաբերի Անդրկովկասեան անջատուած իւրաքանչիւր պետութեան։
Շնորհիւ տեղի ունեցած զգալի փոփոխութիւններուն՝ ան համաձայնեցաւ երկարաձգել ժամանակահատուածը քսանչորս ժամով: Յաջորդ օրը Խատիսեանը Խալիլին տեղեկացուց, թէ Ազգային Խորհուրդը որոշում կայացուցած է՝ ինքզինք Հայաստանի բարձրագոյն իշխանութեան մարմին յայտարարելու մասին, եւ որ իր պատուիրակութիւնը թոյլտւութիւնն ունի խաղաղութիւն կնքելու եւ թրքական պայմանները ընդունելու՝ որպէս ապագայ քննարկումներու հիմք։ Քանի մը ժամ անց՝ Բաթումի Ժողովը Օսմանեան Կայսրութեան եւ “Հայկական Հանրապետութեան” միջեւ տեղ կ՛ունենար։ Տարածաշրջանային հարցերուն շուրջ բանակցություններու ընթացքին՝ թիւրք պատուիրակները սահմանեցին Անդրկովկասի եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ սահմանը, առանց որոշելու, թէ սահմանի ո՞ր հատուածը կը բաժնուի երեք հանրապետութիւններէն իւրաքանչիւրին հետ։
Անդրկովկասի ներքին բաժանումներուն որեւէ յստակություն չտրուեցաւ: Ակնյայտ էր, որ Օսմանեան կայսրութիւնը որքան հնարաւոր էր պէտք է ստանար աւելի շատ տարածք՝ առանց ներգրաւուելու Անդրկովկասի ներքին հակամարտութիւններուն մէջ։ Այնպէս որ, Խատիսեանի փորձերը Օսմանեան կայսրութեան աջակցութիւնը ապահովելու Թիֆլիսի նահանգի հարաւային եւ Ելիզաւետպոլի լեռնային շրջաններու կառավարման՝ վաղաժամ խամրեցաւ։
Օսմանեան կայսրութիւնը 1878 թ.-ի Բրեստ-Լիտովսկի պայմանագիրով, Ռուսաստանին յանձնած երեք սանջաքները արդեն վերականգնած էր։ Այժմ Թիֆլիսի նահանգապետարանի պնդումով ձեռք բերելու Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի շրջանները՝ Կայսրութիւնը պիտի տարածուէր մինչեւ 1828-ի սահմանները։ Սակայն անոր ընդլայնումը կանգ պէտք չէ առներ այս պահին, քանի որ Երեւանի նահանգի կեսէն աւելին կցելով՝ Օսմանեան տիրոյթը պիտի ընդլայնուէր շատ աւելի արեւելք, քան վերջին դարերուն: Խալիլն եւ Վեհաբը՝ Իթթիհատ եւ Թերակիի «չափավոր» տարրերը, հայերուն առաջարկեցին Նոր Բայազետի վարչական շրջանը, Երեւանի վարչական շրջանի մէկ մասը, Էջմիածինը եւ Ալեքսանդրապոլը։ Հայկական Հանրապետութիւնը պիտի ընդգրկէր 6.400 քառակուսի կիլոմետր տարածութիւն:
Վեհիբի բացատրութիւնը Օսմանեան տեսանկիւնէն՝ ցոյց տուաւ, որ իթթիհատական առաջնորդներուն նուիրումը պանթիւրքիզմի գաղափարին այժմ աւելի ջերմ էր, քան երբեւէ:
Տեսնանելի էր, որ ճակատագիրը Թիւրքիային Արեւմուտքէն կը տանէր դէպի Արեւելք:
“Մենք լքեցինք Բալկանները, կը լքենք նաեւ Ափրիկէն՝ սակայն մենք պէտք է տեղափոխուինք արեւելք։ Մեր արիւնը, մեր կրօնը, մեր լեզուն՝ այնտեղ են։ Եւ սա անդիմադրելի ձգտում է։ Մեր եղբայրներն են Բաքուն, Դաղստանը, Թիւրքեստանն ու Ատրբէյջանը։ Մենք պէտք է ճանապարհ ունենանք դէպի այդ շրջաններ: Եւ դուք հայերդ մեր այդ ճամբուն վրայ էք։ Պահանջելով Վանը՝ դուք կ՛արգելափակէք մեր ճանապարհը Պարսկաստանի վրայով։ Պահանջելով Նախճաւանն ու Զանգեզուրը՝ դուք կը խոչընդոտէք մեր ելքը Քուռի հովիտ եւ մեր մուտքը Բաքու։ Կարսը եւ Ախալքալաքը կը փակեն մեր ճամբան դէպի Ղազախ եւ Գանձակ (Գյանջա):
Դուք պէտք է հեռանաք եւ տեղ բանաք մեզի համար: Այս փաստերը մեր հակամարտութեան հիմքերն են: Մենք պէտք է երկու լայն ուղի ունենանք՝ որոնք թոյլ կուտան մեր բանակները առաջ մղելու եւ պաշտպանելու մեզ։ Այս երթուղիներէն մէկը Կարս-Ախալքալաք-Բորչալու-Ղազախն է, որ կը տանի դէպի Գանձակ, միւսը կ՛անցնի Շարուր Նախճաւան-Զանգեզուրով Քուռի հովիտ։ Դուք կրնաք մնալ երկուքի միջեւ՝ այսինքն Նոր Բայազետի եւ Էջմիածինի շուրջ”:
Խատիսեանը բողոքեց, որ հայերուն թողած սահմանափակ տարածքները չեն կրնար նոյնիսկ ապահովել կեանքի ամենակարեւոր կարիքները, որ հայկական հարցը միջազգային խնդիր է՝ չի կրնար այդպէս լուծուիլ եւ որ առաջարկուող սահմանները՝ երկու ժողովուրդներու միջեւ հաւերժական թշնամանքի պատճառ կը դառնան։
Վեհիբը պատասխանեց, որ “Թիւրքիան ուրախ կ՛ըլլայ հանրապետութեան բոլոր մահմեդականները հրաւիրելով արտագաղթելու՝ որպէսզի հայերուն աւելի շատ տարածք տրամադրուի։ Նա խոստովանցաւ, որ հայկական հարցը միջազգային եղած է, եւ ճիշդ այդ պատճառով էլ՝ Օսմանեան կայսրութիւնը որոշած է ճանչնալ նոր Պետութեան անկախութիւնը։ Անհրաժեշտութիւն չկար խօսելու հաւերժական թշնամանքի մասին՝ որովհետեւ բոլոր ազգերն ալ իրենց գոյութիւնն սկսած են փոքր տարածքի վրայ, որն ալ աստիճանաբար մեծցած է։ Ժամանակը պիտի լուծէ այս խնդիրը:
Այն ինչ այժմ հրամայական էր՝ հիմքերը դրաւ հայ-թրքական բարեկամութեան եւ փոխադարձ պաշտպանութեան”: (շարունակելի)

Արմենակ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի Նախագահ