ԿԱՐԻՆ – Վերլուծելով արբանեակային պատկերներու տուեալները՝ NASA- ի մասնագէտները կ՛արձանագրեն տագնապալի գործընթացներ, որոնք կը վերաբերին քաղցրահամ ջուրերուն:

ՆԱՍԱ-ի նոր ուսումնասիրութիւնը ցոյց կուտայ, որ վերջին տասնամեակներու ընթացքին խմելու ջուրի հասանելիութեան պակասը մոլորակի շատ մը շրջաններուն՝ հիմնականօրէն պայմանաւորուած է մարդու գործունէութեամբ։ Կլիմայական եւ բնական շրջափուլային փոփոխութիւնները մոլորակի վրայ՝ նոյնպէս կարեւոր գործօններ են, սակայն եղածը ջրային պահուստներու անպատասխանատու կառավարումէն է, ինչը ճահճային տարածքները դարձուցած է առաւել խոնաւ, իսկ անապատային տարածքներն ալ աւելի չոր։
Ջէյ Ֆամիգլիետտին, որ Jet շարժիչ գիտափորձակայանի (Pasadena, CA) սոյն ուսումնասիրութեան հեղինակներէն մէկն է, կը նշէ, որ ասոնք «լուրջ ջրահոսագիտական փոփոխութիւններ են», – կը հաղորդէ Fox News- ը:
Մաթ Ռոդելի ղեկավարած աշխատախումբը պատասխանատու էր ուսումնասիրելու 14 տարուայ ընթացքին մոլորակի 34 շրջաններէն ձեռք բերուած տուալները՝ բացատրելու համար քաղցրահամ ջուրերուն վերաբերող գործընթացները: Հետազոտողները պարզած են, որ մոլորակին վրայ խմելու ջուրի հասանելիութիւնը կը փոփոխուի:
Nature ամսագիրի հրապարակած յօդուածին մէջ հետազոտողները կը նշեն, որ իրենց աշխատանքը կ՛օգնէ գնահատելու, թէ ինչպէս կ՛արձագանքէ ջրային բնապատկերը՝ մարդու ազդեցութեանն ու կլիմայական փոփոխութեան, եւ կրնայ օգտագործուիլ որպէս ջուրի եւ սնունդի անվտանգութեան սպառնալիքները գնահատելու եւ կանխատեսելու հիմք:

Ուսումնասիրութիւնն ըստ Մեթ Ռոոդի՝ նաեւ նպատակ կը հետապնդէր որոշելու, թէ այդ փոփոխութիւններէն որ մէկը եղած է բնական երեւոյթներու հետեւանքով՝ ինչպիսին են Էլ Նինոն եւ Լա Նինան, եւ անոնք որոնք եղած են մարդկային գործունէութեան հետեւանքով, ներառեալ ստորերկրեայ ջուրերու արագ քաշելը՝ վերականգնման ընթացքը գերազանցող չափերով:

fr.sputniknews.com