ԿԱՐԻՆ – Կնեսետը այսօր, Չորեքշաբթի՝ պիտի քննարկէ հայերու դէմ կատարուած ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, հաղորդած են երեկ Իսրայէլական լրատուամիջոցները:
Սա առաջին անգամն է, որ տարիներ ետք արտաքին գործոց նախարարութիւնը դեմ չ՛ըլլար բանավէճ սկսելուն՝ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ 2 միլիոն Հայերուն հանդէպ եղած կոտորածին շուրջ, որ տեւած է 1894-էն մինչեւ 1923, Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին՝ իրականացուած թրքական երեք յաջորդական կառավարութիւններուն կողմէ։
Կնեսետի պատգամաւորները հետեւողականօրէն ձեռնպահ մնացած են պաշտօնապէս ճանաչելէ Հայերու դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը՝ պատճառաբանելով Թիւրքիոյ եւ Ատրբէյջանի հետ իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները:
Սակայն անցեալ շաբաթ խիստ խաթարուեցան Թիւրքիոյ հետ իրենց փխրուն յարաբերութիւնները՝ երբ Անկարան “կոտորած” որակեց Գազայի սահմանին բախումներու ժամանակ աւելի քան 60 Պաղեստինցիներու սպաննութիւնը, որոնց մեծամասնութիւնը Համասի անդամներ էին, հետեւաբար յաջորդ օրը Թիւրքիայէն ետ կանչեցին Իսրայէլի դեսպանին՝ որուն արտաքսած էր Թիւրքիան:
Իր հերթին, Իսրայէլի Վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն անիծեց Թիւրքիոյ Նախագահ Էրդողանին՝ “Ան Համասի մեծամեծ պաշտպաններէն մէկն է” ըսելով։
Անկարան նուրբ յարաբերութիւններ կը պահպանէ Թել Աւիւի հետ։ Թէեւ քանի մը տարիներու սառնութենէն ետք 2016-ին կնքուած էր յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագիր՝ Թիւրքիան պարբերաբար կը շարունակէ քննադատել Իսրայէլի քաղաքականութիւնը:
Ասոնցմէ զատ, Երեքշաբթի օր Թիւրքիոյ Նախագահ Էրդողանը յայտարարեց, որ Անկարայի եւ Թել Աւիւի միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները պիտի վերանայուին 2018 թուականի Յունիսին կայանալիք ընտրութիւններէն ետք:
Արեւմտեան Հայաստանը կը նշէ, որ երկու միլիոն հայ համակարգուած ձեւով եւ պարբերաբար սպաննուած է Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին 1894-էն 1923 թուականներուն։ Պատմաբաններու թիւն ու աւելի քան քսան երկրներ՝ որոնց շարքին Ֆրանսան, Իտալիան եւ Ռուսաստանը՝ ճանչցած են որ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն էր։
Սակայն Անկարան բացարձակապէս կը ժխտէ օգտագործել “Գէնոսիտ” բառը, առաջ քաշելով թէ անոնք քաղաքացիական պատերազմի խորապատկերին վրայ պատահած փոխադարձ կոտորածներ էին, եւ սովը պատճառ դարձած է հարիւր հազարաւոր մահերու՝ երկու ճամբարներուն մէջ ալ:
Յիշեցնենք Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի 2018 թ․-ի Մայիս 18-ի յայտարարութիւնը․
Եթե հրեայ ժողովուրդի հաւաքականութեան կամ անոնց խորհրդարանի խիղճը պատրաստ չէ ճանչնալու Հայ ժողովուրդի դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնը, եթէ այդ ճանաչումը զուտ քաղաքական նպատակ ունենայ, կամ եթէ այդ ճանաչումը պարզապէս ըստ իրադրութեան ճանաչում մըն է՝ ապա աւելի լաւ կ՛ըլլայ, որ հրեաներու խորհրդարանը չճանչնայ հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանությունը։
Արմենակ Աբրահամեան՝
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի Նախագահ