ԿԱՐԻՆ – Ոսկեզօծ Վերսայլի մէջ իրենց հանդիպումէն ճիշդ մէկ տարի ետք՝ Էմանուէլ Մակրոնն ու Վլադիմիր Պուտինը պիտի տեսնուին Հինգշաբթի օրը Սանկտ-Պետերբուրգի մէջ, Կոնստանտինեան պալատի սրահրներուն մէջ։

Լիւդովիկոս XIV-ի ամրոցէն յետոյ՝ այստեղ Պետրոս Մեծի ամառային նստավայրն է․- Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները միասնաբար կ՛ըմբոշխնեն պատմութեամբ հագեցած զարդարանքներու վայելքը:

2017 թ-ի Մայիս 29-ին՝ Պարոն Մակրոնը հանդիսաւորապէս մուտք գործեց դիւանագիտական ասպարէզ: Ան հրապարակեց բազմաթիւ տարաձայնութիւնները Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի միջեւ: Տասներկու ամիս անց՝ անոնց լուծումները դեռ հեռու են գտնուած ըլլալէ․ 1․Սուրիոյ խնդրով՝ կը շարունակեն մնալ հակադիր կողմերու վրայ։ 2․ԱՄՆ-ի եւ Եւրոմիութեան կողմէ Մոսկուայի դէմ կիրառուած պատժամիջոցներու դրոյթը այժմէական է՝ 2014 թ․-ի Ուկրաինական ճգնաժամէն ի վեր, եւ այն նոյնիսկ ամրապնդուեցաւ՝ Լոնդոնի մէջ Ապրիլին Լոնդոնի նախկին կրկնակի գործակալ Սքրիփալի թունաւորումէն ետք:
Հաւատարիմ մնալով այն սկզբունքին, որ պէտք է «երկխօսիլ ամբողջ աշխարհի հետ”, առանձնապէս Ռուսաստանի հետ՝ Մակարոնն այս Ուրբաթ կ՛արտայայտուի Սանկտ Պետերբուրգի տնտեսական ֆորումին: Հինգշաբթի օրն ան դէմ առ դեմ հանդիպում կ՛ունենայ, այնուհետեւ կ՛ընթրէ եւ մամլոյ ասուլիս կ՛ունենայ Պուտինի հետ: Երկուքը կը քննարկեն Թրամփի որոշման հետեւանքները՝ անոր դուրս գալով Իրանի միջուկային ծրագիրի համաձայնագիրէն:
Ըստ Էլիզէյի, Մակրոնն ու Պուտինը միասին կ՛աշխատին՝ որպէսզի պահպանեն այս համաձայնութիւնը, որուն իրենք ալ կցուած են: Կրնա՞յ արդեօք այս ընդհանուր նպատակը պատճառ դառնալ դաշինքի մը շրջման, կամ առնուազն Ռուսաստանի հետ առաւել կառուցողական երկխօսութեան վերսկսման։ “Պարզ է, որ Ուաշինգտոնը պիտի հակառակի Փարիզ-Մոսկուա առանցքին”, կը հաւաստիացնէ Էլիզէ-ն, ընդգծելով Միացեալ Նահանգներուն հետ դաշինքի «անփոխարինելի» բնոյթը, ինչ «տարբերություններ ներկայիս ԱՄՆ վարչակազմի հետ», ինչ ալ որ ըլլան «տարաձայնութիւնները ներկայի ԱՄՆ վարչակազմին հետ»:

Ալէն Օֆֆրայի կողմէ՝
http://www.liberation.fr/auteur/1869-alain-auffray

liberation.fr