Զայնիչի-ները յատկապէս Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Ճապոնի կողմէ գրաւուած Կորիայէն Ճապոն եկած Կորիացիներու սերունդներն են։ Անոնք Ճապոն եկած են 1945-էն ետք, եւ ընդհանրապէս չեն համարուած որպէս Զայնիչի:

Ճապոներէն Զայնիչի բառը բառացիօրէն կը նշանակէ «ով կը մնայ Ճապոնի մէջ»: Տեսականօրէն, այս եզրը կրնայ կիրառուիլ Ճապոն բնակող որեւէ մէկուն` որ Ճապոնական քաղաքացիութիւն չունի։
Հակառակ ատոր, այն կ՛օգտագործուի 1945 թուականէն ի վեր Ճապոն հասած կորեացիներուն եւ անոնց սերունդներուն, որոնք կը կազմեն ճապոնական հասարակութեան մէջ ժողովրդագրական առումով ամենամեծ փոքրամասնութեան խումբը։ Այսինքն, Զայնիչի եզրը կը ծառայէ որպէս Կորիացի գաղթականներու ժառանգներուն տրուղ մակդիր, որոնք Ճապոն հասած են գաղութատրութեան շրջանին։
Զայնիչի-ները պատմականօրէն տուժած են եւ այսօր ալ կը ճնշուին ճապոնական հասարակութեան մէջ ցեղապաշտութեան հետ կապուած խտրականութենէն։ Այս խտրականութիւնները կը բացատրուին ճապոնական գաղութարարութեան պատմութեամբ, անոնց կողմէ՝ ովքեր Կորիացիներու նկատմամբ կ՛ապաւինէին ցեղապաշտական գաղափարախօսութեան, ինչը հանգեցուց ջարդերու՝ որոնք հետեւեցան 1923 թ.-ի Քանթո երկրաշարժին: Զայինչի-ներու նկատմամբ թշնամանքը այսօր կ՛արտայայտուի Զայթոկուկայ-ի1 նման ծայրայեղ ազգայնական խումբերու ցոյցերուն ժամանակ։