ԿԱՐԻՆ – Սուրիական Գամիշլի քաղաքի հարիւրաւոր Քիւրդեր փողոց իջած են՝ որպէս բողոք Սուրիոյ հիւսիսին գտնուող Աֆրինի մէջ թրքական բանակի ներկայութեան դէմ։

Սուրիական Հասաքէ նահանգի Գամիշլի քաղաքի քիւրդերը Աֆրինի բնակիչներուն կոչով երթեր սկսած են քաղաքի փողոցներով՝ դատապարտելու համար Անկարայի փորձերը, փոխելու Աֆրինի շրջանի ժողովրդագրական կառուցածքը։ Անոնք նաեւ Սուրիոյ քրդական համայնքին պատկանող դրօշակներ կրած են:
Ցուցարարները կարգախօսներ հնչեցուցած են Թիւրքիոյ նախագահ Ռեջեպ Թայիպ Էրդողանին դէմ:
Ըստ ՄԱԿ-ի գնահատականներուն՝ աւելի քան 135․000 Քիւրդեր կ՛ապրին Սուրիոյ հիւսիսին՝ որոնցմէ աւելի քան մէկ երրորդը Աֆրինի մէջ:

TV լրատուական – Թիւրքիան կը գաղութացնէ Աֆրինը

Աֆրին քաղաք ներխուժելէ ետք՝ Անկարան թրքական ազգային ինքնութեան անձնաթուղթ թողարկած է քաղաքի բնակիչներուն համար:

http://www.presstv.com/Detail/2018/04/27/559887/Afrin-carte-didentit-turque-pour-les-rsidents

Թրքական բանակը Յունուարի 20-ին սկսեցաւ օդային եւ վերգետնեայ յարձակումը Սուրիական քիւրդ գրոհայիններուն դէմ՝ որոնք կը վերահսկէին Աֆրինի բնակավայրերը Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքին, թրքական սահմանի երկայնքին։ Անոնք անցեալ տարուայ Մարտ ամսին՝ լիակատար վերահսկողութիւն հաստատած էին Սուրիոյ այս շրջանին վրայ:
Անկարան կը պնդէր, որ ժամանակին Սուրիոյ կառավարութեան տեղեկացուցած էր Աֆրինի դէմ իր կատարելիք ռազմական գործողութիւններուն մասին, ինչը պարբերաբար ժխտած էր Դամասկոսը, քանի որ թրքական որեւէ միջամտութիւն՝ պիտի ըլլար Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան դէմ անօրինական նախայարձակում:
Անդրադառնալով տեղական աղբիւրներուն՝ Սուրիոյ մէջ լոյս տեսնող «Էլ-Ուաթան» օրաթերթը վերջերս գրած է, որ թրքամէտ ահաբեկիչները Աֆրինի մէջ բարձրաստիճան կրօնականներու գերեզմանները բացած են՝ արժէքաւոր իրեր գտնելու յոյսով:
“Աֆրինի բնակիչներէն ոմանք՝ որոնք քաղաքէն փախած են վախնալով Թիւրքիոյ աջակցութիւնը վայելող ահաբեկիչներէն, իրենց թանկարժեք իրերը թաղած են գերեզմանատուներու կամ բարձրաստիճան կրօնականններու դամբարաններուն մէջ՝ յոյս ունենալով, որ անոնք կ՛ապահովեն իրենց վերադարձը։ Ահաբեկիչները տեղեակ ըլլալով գործին՝ այժմ եկած են գերեզմանատուներու եւ դամբարաններու մէջ գտնելու անոնց յետքերը”, կը պատմեն այդ քրդական աղբիւրները:

presstv.com