Տարածքներու գրաւումն ու իրաւաբանական հարցերը
Թշնամիի մը տարածք բռնագրաւելուն վերաբերեալ հիմնական իրաւական դրոյթները, եւ անոնց հետեւանքները՝ միջազգային մարդասիրական օրէնքով պաշտպանուած անձերու համար:
Քանի որ տարածք մը մասամբ կամ ամբողջությամբ կը համարուի «գրաւեալ»՝ երբ առանց ազգային կառավարութեան համաձայնութեան, այն իրապէս կ՛ենթարկուի օտարերկրեայ զինուած ուժերու իշխանութեան: Բռնագրաւումը կը տարածուի միայն այն տարածքներուն վրայ՝ ուր ստեղծուած եւ գործելու ունակ իշխանութիւն մը գոյութիւն ունեցած է:
Միջազգային մարդասիրական իրաւունքը կը կիրառուի այն բոլոր իրավիճակներուն՝ երբ համապատասխան նախապայմաններ կ՛ըլլան, անկախ անկէ՝ թէ ի՞նչ պատճառներ ու պատճառաբանութիւններ առաջ քաշուած կ՛ըլլան բռնագրաւման համար (ինչպէս յայտարարելով՝ երկրի մը ժողովուրդը ազատագրելու մտադրութիւնը) եւ անկախ այդ բռնագրաւման օրինականութենէն՝ միջազգային իրաւունքի անուան տակ։
Բռնագրաւման վերաբերող ժամանակակից օրէնքի հիմնական աղբիւրները կը գտնուին IV-րդ Պայմանադրութեան (Կոնվենցիային) կցուած Կանոնակարգին մէջ,
որ կ՛առնչուի հողատարածքի համար ստեղծուած պատերազմի օրէնքներուն եւ սովորոյթներուն (Լը Հայ, 1907), նաեւ 1949 թ․-ի Ժնեւեան IV-րդ Պայմանադրութեանն ու անոր 1977 թ․-ին աւելցուած Ա․ Արձանագրութեան (Protocole I) որոշ դրոյթներուն մէջ։
Գրաւուած ըլլալու հանգամանքը իրաւունքներ կուտայ՝ եւ պարտաւորութիւններ կը դնէ բռնագրաւող կողմին վրայ: Այնուամենայնիւ, այդ վիճակը եթէ խոչընդոտէ կառավարութեան մը ինքիշխանութիւնը կիրառելու իր տարածքներու մէկ մասին կամ ամբողջ տարածքին վրայ՝ ապա այդ չի նշանակեր որ գրաւողը այնտեղ ինքնիշխանութեան իրաւունքներ ձեռք կը բերէ։
Ըստ սահմանման՝ բռնագրաւումը ժամանակաւոր իրավիճակ է, որ կ՛ոտնահարէ ժողովուրդներու ինքնիշխան իրաւունքները՝ առանց անոնց սահմանափակման կամ վերացման:
Այն պահէն երբ բռնագրաւողը իրական վերահսկողութիւն կը սահմանէ տարածքին վրայ՝ ան պէտք է հնարաւոր չափով վերականգնէ եւ ապահովէ հասարակական կարգն ու հանրային անվտանգութիւնը, յարգանքի վրայ հիմնուած, բացի բացարձակ խոչընդոտներու պարագաներուն՝ օրէնքը պէտք է գործէ գրաւեալ տարածքին։
Բացի միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կանոններէն՝ գրաւող ուժը պէտք է յարգէ մարդու իրաւունքներն ու ազգային իրաւունքները, որոշ բացառութիւններով:
Յղումներ
Լա Հայ-ի IV-րդ Պայմանադրութիւնը (1907), տարածքային պատերազմի օրէնքներուն եւ սովորոյթներուն եւ անոր յաւելուածին վերաբերեալ – Տարածքներու նկատմամբ պատերազմի օրէնքներուն եւ սովորոյթներուն մասին Կանոնակարգեր, 42-էն 56-րդ յօդուածները։
IV-րդ Պայմանադրութիւնը Ժնեւի՝ 1949 թ․
Ժնեւի Պայմանադրութեան յաւելեալ Ա․ Արձանագրութիւնը (1977) – յօդուած 63, 68, 69 et 71
Ուժի կիրառման օրինականութեան մասին – Ի՞նչն է ճշմարտութիւնը ճակատամարտի
ընթացքին եւ ի՞նչն է պատերազմի ճշմարտութիւնը
http://www.icrc.org/web/fre/sitefre0.nsf/htmlall/5QKJUQ
Ius ad bellum, ius in bello: quid ? (Ճակատամարտի ժամանակ՝ առճակատուիլ, ի՞նչ է ճշմարտութիւնը պատերազմի)։
Մարդասիրական միջազգային իրաւունքը նպատակ ունի սահմանափակելու պատերազմի պատճառած տառապանքները, որքան հնարաւոր է՝ ապահովելու համար օգնութիւնն ու պաշտպանութիւնը զոհերուն: Հետեւաբար, այն կը վերաբերի հակամարտութեան մը իրականութեան՝ անկախ ուժի օգտագործման դրդապատճառներէն կամ օրինականութեան։ Այն կը կարգաւորէ միայն մարդասիրական ուղղութիւն ունեցող երեւոյթները։ Սա կը կոչուի ius in bello (իրաւունքը՝ պատերազմի ընթացքին)։ Անոր դրոյթները կը վերաբերին հակամարտութեան բոլոր կողմերուն՝ անկախ հակամարտութեան դրդապատճառներէն եւ որեւէ կողմի վիճարկած ճիշտութենէն:
Միջազգային զինուած հակամարտութեան պարագային՝ յաճախ դժուար է որոշել, թէ ո՞ր Պետութիւնն է մեղաւորը՝ ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը խախտածը։ Այնուամենայնիւ, մարդասիրական իրաւունքի համակարգը չի կիրառուիր մեղադրեալը որոշելու համար, քանի որ այդ անխուսափելիօրէն կրնայ հանգեցնել այնպիսի հակասութիւններու՝ որոնք կը խախտեն նպատակի իրականացումը, քանզի իւրաքանչիւր հակառակորդ ինքն իրեն կը յայտարարէ ոտնձգութեան զոհ: Բացի այդ, մարդասիրական իրաւունքը նպատակ ունի ապահովելու պաշտպանութիւնը պատերազմի զոհերուն եւ անոնց հիմնական իրաւունքներուն, որ կողին ալ անոնք պատկանին: Սա է պատճառը, որ պատերազմի իրաւունքը պէտք է մնայ անկախ՝ պատերազմի ընթացքէն կամ հակապատերազմական իրաւունքէն (պատերազմելու իրաւունքէն կամ պատերազմի կանխարգելման իրաւունքէն)։
Պատերազմի արգելքի մասին
Մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտը՝ պատերազմի դիմելը չէր համարուիր անօրինական գործողութիւն, այլ որպէս վեճերու լուծման ընդունելի միջոց մը:
1919 թուականի Ազգերու Լիգայի դաշնագիրը, ապա 1928 թուականի Փարիզի Պայմանագիրը (Briand-Kellogg Pact) հակուած էին արգիլելու պատերազմը: Սակայն այդ միտումը յատկապէս 1945 թ.-ի ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան ընդունմամբ հաստատուեցաւ։ “Կազմակերպութեան անդամները՝ պէտք է ձեռնպահ մնան իրենց միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ ուժային սպառնալիքէն կամ ուժի կիրառումէն (…)”։
Ներխուժումը Արեւմտեան Հայաստան՝ նոյնիսկ ճանչցուած է Սեւրի պայմանագիրով (1920 թ.), ԱՄՆ-ի նախագահ Վ. Ուիլսոնի վճիռով, եւ այս պարագային այդ գործողութիւնը իրաւականօրէն ճանչցուած է անօրինական՝ ըստ 1919 թ.-ի Ազգերու Լիգայի Դաշնագիրին
Այնուամենայնիւ կան իրավիճակներ՝ որոնց պարագային կը թուլատրուի ՄԱԿ-ի կողմէ զինուած ուժերու օգտագործումը – սա օրինական իրաւունքն է ինքնապաշտպանութեան (անհատական կամ հաւաքական), երբ պետութիւն մը (կամ պետութիւններու խումբ մը) կ՛ենթարկուի ոտնձգութեան՝ մէկ այլ Պետութեան կողմէ (կամ Պետութիւններու խումբի մը կողմէ)։ Սա նաեւ այն դէպքն է, երբ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը՝ ըստ Կանոնադրութեան VII գլխուն, կ՛որոշէ հաւաքական ուժ օգտագործել․
հարկադիր միջոցներ – որոնց նպատակը խաղաղութեան վերականգնումն է – Պետութեան մը դէմ՝ որ կը սպառնայ միջազգային անվտանգութեան։
խաղաղության պահպանման միջոցառումներ՝ դիտորդներու կամ խաղաղապահ առաքելութիւններու տեսքով:
Վերջապէս սա այն է, ինչը ճանչցուած է ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի ծիրէն ներս – իսկապես ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Համժողովն իր 1965-ին ընդունած 2105-րդ (XX) բանաձեւով “կը ճանչնայ գաղութարար իշխանութեան տակ գտնուող ժողովուրդներու պայքարի օրինականութիւնը՝ ինքնորոշման եւ անկախութեան իր իրաւունքի իրականացման համար (…)»։ (շարունակելի)
Արմենակ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի Նախագահ