ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Ֆրանսայի Կրեթեյլի Բարձրագոյն Դատարանի 10-րդ Քրէական Դատարանին մէջ Մայիսի 29-ին կը սկսի Արեւմտեան Հայաստանի ու անոր նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի յարուցուած դատական գործի քննութիւնը՝ ընդդէմ Ա. Հարմանտայեանի։

Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանին իր պաշտօնէն հեռացնելու դիմակահանդէսը կազմակերպելէ ետք՝ ամիսներ շարունակ կը տարածեն հակաճշմարտութիւններ, մոլորեցնող վիրաւորանքներ եւ զրպարտող բնոյթի կեղծ մեղադրանքներ՝ ուր ճեղքուածք առաջացնող դաւադիրներու խմբակի անդամ Ա.Հարմատայեանն իր էլեկտրոնային կայքին միջոցով յօդուած հրապարակած է մահուան դատապարտելով Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանին։

Այս մեթոդը կը յիշեցնէ «Ֆաթուաներու մեթոդը», եւ Կրետէյլ-ի Դատարանին առջեը քրէական գործի նախաքննութեան համար ուղղակիօրէն մէջբերման նիւթ դարձած է:
Դատավարութիւնը սկսեցաւ ժամը 9.15-ին՝ ներկայութեամբ նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի Խորհրդականի, մեղադրեալ Ա.Հարմանտայեանի եւ անոր Խորհրդականի:
Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի փաստաբանը պաշտպանեց տուժողին՝ ներկայացնելով այն փաստաթուղթերը, որոնք աղերս ունէին գործին հետ:
Այնուհետեւ մեղադրեալի փաստաբանը իր փաստարկին հիման վրայ հակիրճօրէն միջամտեց՝ յիշեցնելով որ Ա․Հարմանտայեանը միայն ցանկացած է Արեւմտեան Հայաստանի նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի «քաղաքական մահը»:
Դատաւորը մեղադրեալին հարցաքննեց Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանին «մահուան դատապարտող» յօդուածի բովանդակութեան շուրջ: Դատապարտեալը չժխտեց, որ այդ յօդուածի հեղինակն է:

Այնուհետեւ դատաւորը մեղադրեալին հարցուց՝ թէ արդեօ՞ք ինքը մտադրուած է ֆիզիկապէս սպաննելու Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանին: Զարմանալի չէր, որ մեղադրեալը “ոչ” պատասխանեց։ Ինչպէ՞ս կրնար ան հակառակը խոստովանիլ դատաւորին առջեւ:
Դատաւորը խնդրեց դատախազին խօսիլ՝ եթէ աւելցնելիք որեւէ բան ունէր։ Հանրապետութեան դատախազը հաւաստիացուց իր գնահատականը, եւ լսումը աւարտուեցաւ ժամը 12.00-ին:

Նոյն օրը ժամը 13։30-ին հնչեց որոշումը, մեղադրեալը ազատ ձգուեցաւ։

Արեւմտեան Հայաստանի Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը ի հարկէ լսեց այս վճիռը՝ սակայն հարց մը բարձրացուց․
-Այս վճիռը կարելի է արձանագրել որպէս իրաւագիտութեան մէջ պատահող որեւէ դատավճիռ՝ որ կ՛առնչուի բնութագրական նիւթի, կամ ինտերնետով եղած մահուան վճիռի, որ բացառիկ ծաւալներու կը հասնի:

Արդեօ՞ք սա կը նշանակէ, որ Ֆրանսայի մէջ մենք կրնանք ինտերնետով որեւէ մէկուն մահուան դատապարտել՝ անձեռնմխելի մնալով դատական հետապնդումէ, փաստարկելով թէ այդ եղած է քաղաքական մահապատիժ։