Արմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը Յունիս 1-ին շնորհավորական ուղերձ յղած է Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան առթիւ:
Ուղերձով ըսուած է.
«Սիրելի՛ երեխաներ,
Այսօր ձեր տօնն է՝ Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրը: Ջերմօրէն կը շնորհավորեմ ձեզ այս ուրախ ու հրաշալի տօնին առիթով:
Այսուհետեւ պէտք է ընել հնարաւոր ամէն բան, որպէսզի դուք ապրիք անհոգ ու երջանիկ, ապահով ու բարեկեցիկ, որպէսզի ձեր մանկութիւնն ըլլայ խաղաղ ու անամպ, լի ամենավառ գոյներով ու թանկ յիշողութիւններով:
Մէկ անգամ եւս կը շնորհավորեմ ձեզ, թանկագի՛ն փոքրիկներ, եւ կը մաղթեմ քաջառողջութիւն ու մեծագոյն յաջողութիւններ ձեր ամբողջ կեանքի ճանապարհին»: