ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Կիրակի, Յունիսի 3-ին՝ Լոնդոնի մէջ կայացաւ CONIFA-ի աշխարհի գաւաթի երրորդ հանդիպումը, այսինքն ՄԱԿ-ի կողմէ չճանչցուած Պետութիւններու ֆուտբոլի աշխարհի առաջնութիւնը, որուն մաս կը կազմէ Արեւմտեան Հայաստանը (բռնագրաւուած Թիւրքիոյ կողմէ)։

Արեւմտեան Հայաստանի ֆուտբոլի ազգային հաւաքականը 4: 0 հաշուով յաղթեց Կաբիլյէին: Արեւմտեան Հայաստանը 7 միաւորով կը գլխաւորէ աղիւսակը, եւ 2018 թ.-ի Յունիս 5-ին ¼ եզրափակիչին պիտի մրցակցի Զեքելի Լանդ (Ռոմանիոյ հունգարացիներու) խումբին հետ:

Կիրակնօրեայ խաղին ֆուտբոլասէրներու նստարաններուն տեսանելի էին Արեւմտեան Հայաստանի Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանն ու Քաբիլիէյի Նախագահ Ֆերհատ Մեհէննին, որոնք միասնաբար հետեւեցան ամբողջ խաղընթացին։

Խաղի աւարտէն ետք Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը հանդիպեցաւ Լոնդոնի հայ համայնքի անդամներուն հետ՝ համայնքի երեւելի անհատականութիւններէն Վարդգէս Քնաճեանի հովանիին տակ, եւ պատասխանեց բոլոր հարցերուն՝ որոնք կ՛առնչուէին Արեւմտեան Հայաստանին եւ Արեւմտեան Հայաստանի հայերուն:
Բրիտանական կայսրութիւնը ճանչցած է մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ նոր յանցագործութիւններու առկայութիւնը՝ կատարուած Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայ ժողովուրդի դէմ 1915 թ.-ի Մայիս 24-ին:

Դաշնակից եւ Միաւորուած Ուժերու Գերագոյն Խորհուրդի անդամ Բրիտանական կայսրութիւնը՝ 1920 թ.-ի Յունուար 19-ին դէ ֆակտո ճանչցաւ եւ 1920 թ․-ի Մայիս 11-ին, դէ յուրէ ճանչցաւ անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը Հայաստանի՝ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին։

Բրիտանական կայսրութիւնը եւս ստորագրողներէն մէկն է Սեւրի դաշնագիրի՝ 1920 թուականի Մայիս 11-ին:

Կը յիշեցնենք, թէ 1917թ.-ի Դեկտեմբեր 29-ին Խորհրդային Ռուսաստանի Ժողկոմխորհի ընդունած «Թիւրքահայաստանի մասին» (Արեւմտեան Հայաստան) Հռչակագիրով՝ ճանչցուած է Թրքահայաստանի (Արեւմտեան Հայաստան) հայութեան ազատ ինքնորոշման իրաւունքը՝ ընդհուպ մինչեւ լիակատար անկախացումը: Իսկ 1920թ.-ի Յունուար 19-ին՝ Փարիզի Վեհաժողովի ժամանակ, Դաշնակից Տէրութիւններու Գերագոյն Խորհուրդը դէ ֆակտո (de facto) ճանչցաւ զայն որպէս անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն, որուն սահմանները Թիւրքիոյ հետ 1920թ.-ի Նոյեմբեր 22-ին սահմանագծեց ԱՄՆ-ի նախագահ Վուդրո Ուիլսոնը, որ կ՛ընդգրկէր Բիթլիսի, Վանի, Էրզրումի եւ Տրապիզոնի նահանգները, սակայն չճանչցուեցաւ ՄԱԿ-ի կողմէ՝ քանի որ բռնագրաւուած է Թիւրքիոյ կողմէ։

Կը յիշեցնենք, որ 1894-էն 1923 թուականներուն՝ Արեւմտեան Հայաստանի գրաւուած տարածքներուն ապրող բնիկ հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ ցեղասպանութեան, որն իրականացուեցաւ թրքական երեք յաջորդական կառավարութիւններուն կողմէ։

Կարին քաղաքը (Էրզրում) Արեւմտեան Հայաստանի պաշտօնական մայրաքաղաքն է, զոր 1920 թուականին ճանչցած են Դաշնակից տէրութիւնները։ (ԱԱ)