Լոնդոնի մէջ շարունակուող CONIFA-ի աշխարհի առաջնութեան ընթացքին՝ Արեւմտեան Հայաստանի հաւաքականն արդէն անցուցած է երեք խաղ։ Փանջաբի դէմ խաղին՝ Արեւմտեան Հայաստանի հաւաքականը 1։0 յաղթեց, իսկ Կաբիլիայի դէմ խաղին գրանցեց բարձրաթռիչ յաղթանակ՝ 4։0 հաշուով, առաջ անցնելով հակառակորդ թիմէն։

CONIFA-ի աշխարհի առաջնութեան D խումբին մէջ Արեւմտեան Հայաստանի հաւաքականը 7 միաւորով առաջատարն է։

Արեւմտեան Հայասատանի ֆուտբոլի հաւաքականի հաջորդ խաղը տեղի պիտի ունենայ Հունիս 5-ին, Արեւմտեան Հայաստանի հաւաքականը պիտի մրցի Սզեկլէի լենդի խումբին դէմ։

Նշենք, որ Արեւմտեան Հայաստանի դաժան ճակատագիրին պատճառով՝ Արեւմտեան Հայաստանի ֆուտբոլի ազգային հաւաքականն առանձինն կը ներկայացնէ Արեւմտեան Հայաստանի բնիկ հայ ժողովուրդը, պայքարելով CONIFA-ի՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ չճանաչցուած պետութիւններու աշխարհի առաջնութեան։
Արեւմտեան Հայաստան Պետութիւնը ՄԱԿ-ի կողմէ չէ ճանչցուած՝ Թիւրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած ըլլալուն պատճառով:

Այս տարի մեր թիմին կ՛աջակցին միջազգային ֆուտբոլիստներ Արթուր Եդիգարեանը եւ Գէորգ Կասպարովը։ Հաշուի առնելով հաւաքականի յաջող խաղերը՝ թիմը եզրափակիչ դուրս գալու մեծ հնարաւորութիւններ ունի։