ԿԱՐԻՆ – Ժողովրդական պաշտպանութԵան միաւորները (YPG) Յունիսի 5-ին յայտարարեցին, որ իրենց զօրքերը դուրս բերած են Սուրիոյ Մանբիջէն:

Ժողովրդական պաշտպանութեան միաւորները (YPG) կ՛ըսեն, որ իրենց զինուորական խորհրդականները դուրս եկած են Մանբիջէն, Սուրիոյ Հալէպի նահանգին մաս կազմող քաղաքէն՝ որ կեդրոնն է համանուն շրջանի, եւ կը գտնուի Եփրատէն մոտ 30 կմ արեւմուտք, կը հաղորդէ Fars News լրատուական գործակալութիւնը:
Թիւրքիոյ արտգործնախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Յունիսի 4-ին հաստատած է, որ Թիւրքիան զգալի յառաջընթաց գրանցած է Ամերիկեան կողմին հետ խորհրդակցելով՝ Մանբիջի ռազմականացուած քիւրդերու իրավիճակին մասին:

ԱՄՆ-ի Պետքարտուղար Մայք Պոմպեոյի հետ հանդիպումէն ետք՝ Թիւրքիոյ արտգործնախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն հաստատած է, որ այս հանդիպման ընթացքին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է Մանբիջէն Ժողովրդական պաշտպանութեան միաւորներու (YPG-ի) դուրսբերման համար, աւելցնելով, թէ Անկարան կ՛ակնկալէ, որ շուտով այդ ուղղութեամբ կը ձեռնարկուին կարեւոր քայլեր:

Թիւրքիոյ նախարարը ԱՄՆ-ի իր գործընկերոջ հետ հանդիպումը որակած է շատ կառուցողական, եւ մանրամասնած է, որ թիւրք-ամերիկեան ճանապարհային քարտէսի իրականացումը՝ կրնայ շրջադարձային կէտ դառնալ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն միջեւ:
Յունիսի 3-ին Չաւուշօղլուն հաստատեր էր, որ եթէ «Մանբիջին վերաբերող Թիւրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի համաձայնեցուած ճանապարհային քարտէսը իրականացուի՝ այդ քայլը անշուշտ ազդեցութիւն կ՛ունենայ քիւրդերու կողմէ վերահսկուող այլ տարածքներուն վրայ:

Քանի մը օր առաջ Սուրիոյ արտգործնախարար Ուալիդ ալ-Մուալլիմը մեկնաբանած է Մանբիջին վերաբերող թիւրք-ամերիկեան ճանապարհային քարտէսը․
“Մենք Թիւրքիան թշնամի կը համարենք՝ որովհետե մեր տարածքներուն դէմ ոտնձգութիւն իրականացուցած է: Ոչ Թիւրքիան, ոչ ալ Միացեալ Նահանգները իրաւունք ունին՝ բանակցելու Սուրիական քաղաքի մը շուրջ”, ընդգծած է Սուրիոյ գլխաւոր դիւանագէտը։

Ան վերահաստատած է Սուրիոյ կառավարութեան պատասխանատվութիւնը` ջանք չխնայելով ազատելու Սուրիոյ տարածքի որեւէ հերթական անկիւն, ակնյայտօրէն կանխորոշուած առաջնահերթութեամբ:
“Որեւէ թիւրք-ամերիկեան կամ ֆրանս-ամերիկեան համաձայնագիր դատապարտուած է՝ եւ յարձակում կը համարուի Սուրիական ինքնիշխանութեան վրայ”, ան աւելցուցած է։

Presstv.com