ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Դոմինիկեան Հանրապետութիւնը, Գերմանիան, Ինդոնեզիան եւ Հարաւային Ափրիկէն 2018 թ․-ի Յունիս 8-ին երկու տարիով լիազօր ընտրուեցան ՄԱԿ-ի անվտանգութեան Խորհուրդէն ներս։ Սոյն կառոյցը կը բաղկանայ 15 անդամներէ՝ որոնք գլխաւոր պատասխանատւութիւնը կը կրեն միջազգային խաղաղութեանն ու անվտանգութեան։
Իւրաքանչիւր տարի ՄԱԿ-ի Ազգերու Գլխաւոր Համագումարը իր անդամ երկիրներէն կ՛ընտրէ հինգ երկիր երկու տարուայ լիազօրութեամբ՝ աշխատելու Անվտանգութեան Խորհուրդին մէջ։
Անվտանգութեան Խորհուրդի 15 անդամներն ունին 5-ը մշտական անդամներ,
Չինաստանը, Ֆրանսան, Ռուսաստանի Դաշնութիւնը, Միացեալ Թագաւորութիւնն ու ԱՄՆ-ը։
15 անդամանոց Անվտանգութեան Խորհուրդը պատասխանատու է Միջազգային Խաղաղութեանն ու Անվտանգութեան։