ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Յունիսի 25-էն 29-ն Ժնեւի մէջ տեղի պիտի ունենայ Մտաւոր Սեփականութեան Միջկառավարական Կոմիտէի 36-րդ նիստը՝ նուիրուած Ծագումնաբանական-Գենետիկ Բնապաշարներուն, Աւանդական Գիտելիքներուն, Մշակութային եւ Ժողովրդական Արուեստի Արտայայտման ձեւերուն՝ Աշխարհի Մտաւոր Սեփականութեան Կազմակերպութեան (WIPO) ծիրէն ներս։
Ինչպէս իւրաքանչիւր նստաշրջանին՝ այս անգամ ալ Արեւմտեան Հայաստանն իր պաշտօնական պատուիրակութիւնը կ՛ուղարկէ նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի հովանիին տակ, այնտեղ պատրաստելու համար միջազգային պայմանադրութեան մը նախագիծը՝ ի պաշտպանութիւն մտաւոր սեփականութեան ծագումնաբանական-գենետիկ բնապաշարներուն, աւանդական գիտելիքներուն, մշակութային եւ ժողովրդական արուեստի արտայայտման ձեւերուն։
Շատ լաւ ըմբռնելի է, որ Արեւմտեան Հայաստանը ուղղակիօրէն շահագրգռուած է այս պայմանադրութեան նախագիծով, որ կը սահմանէ իսկական շահառուները տուեալ իրաւունքներուն, որոնք կ՛առնչուին Ծագումնաբանական-Գենետիկ Բնապաշարներու տարածքային կարգավիճակին, ուր այդ իրաւունքները կրնան կիրառուիլ:
Արեւմտեան Հայաստանի պատուիրակութիւնը այս նստաշրջանին հրաւիրուած է WIPO-ի կողմէ դիտորդական կազմակերպութեան կարգավիճակով՝ ներկայացնելով Արեւմտեան Հայաստանն ու Արեւմտեան Հայաստանի բնիկ Հայերը։
WIPO-ի Գլխաւոր Համագումարի 57-րդ նստաշրջանին ընդունուած որոշման համաձայն՝ Մտաւոր Սեփականութեան Միջկառավարական Կոմիտէի 36-րդ նստաշրջանին պիտի քննարկուին Ծագումնաբանական-Գենետիկ Բնապաշարներու հարցերը, ու յատկապէս Արեւմտեան Հայաստանի համար՝ անոր տարածքի բռնագրաւուած ըլլալու հարցը: