ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Գեներալ Դը Գոլի1 առաջին կոչը 1940 թուականի Յունիսի 18-ին՝ Լոնդոնի BBC ռադիոյով։ Այս բնագիրը զէնքի կոչ է՝ ուր Դը Գոլը կը խրախուսէ պայքարը չդադրեցնելու Երրորդ Ռեյխի դէմ։
Այս ելոյթը շատ քիչ լսուեցաւ այդ պահին, սակայն յաջորդ օրը տպագրուեցաւ ֆրանսական մամուլով եւ արտասահմանեան ռադիոյով – այն համարուեցաւ Ֆրանսայի Դիմադրութեան հիմնադիր բնագիրը, եւ կը մնայ անոր խորհրդանիշը:
Այս ելոյթի ձայնային տարբերակը, որ այսօր ալ լսելի է՝ 1940 թուականի Յունիս 22-ի կոչն է, քանի որ Յունիսի 18-ի կոչը չէ արձանագրուած:
1940 թ. Յունիսի 5-էն ի վեր Պետական Պաշտպանութեան եւ Պատերազմի Պետական քարտուղար գեներալ Դը Գոլը լսելով Խորհուրդի Նախագահ Պոլ Ռեյնոդի հրաժարականին մասին՝ որոշեց առաւօտեան Անգլիա մեկնիլ, որպէսզի աքսորավայրէն շարունակէ պատերազմը։
Գեներալ Դը Գոլը իրեն ընկերակից վերցուց մի միայն իր բանակատեղիի օգնական լեյտենանտ Ժոֆրի Գրովին, եւ Լոնդոն ժամանեց 1940 թ.-ի Յունիսի 17-ի առաւօտեան: Ժամանակաւորապէս տեղաւորուեցաւ 7-8 Սեյմուր Գրովի մէջ, գրեց յաջորդ օրը 18 Յունիս 1940-ին ժամը 20-ին BBC-ով հեռարձակուելիք կոչը։
Պատերազմի մասին իր յուշերուն մէջ Գեներալը ցոյց տուաւ այն հանգամանքները՝ որոնք առկայ էին Կոչը պատրաստելու շեմին․
“Առաջին բանը, որ պէտք է ընէի՝ իրավիճակի գոյները վեր հանելն էր: Ռադիոն ինքն առաջարկեց այդ ընել: Յունիսի 17-ի կեսօրին՝ ես իմ մտադրութիւններս պարզեցի Պարոն Ուինսթոն Չըրչիլին։ Անգլիոյ ափերուն ջախջախուած յատնուելով՝ ի՞նչ կրնայի ընել առանց անոր օգնութեան: Ան անմիջապէս սկսելու համար ինծի ընթացք տուաւ՝ BBC-ն դնելով տրամադրութեանս տակ: Պայմանաւորուեցանք, որ օգտագործեմ հնարաւորութիւնը այն ժամանակ՝ երբ Պետէնի կառավարութիւնը զինադադար խնդրէ։ Եւ այդ երեկոյ ալ իմացանք, որ ան ըրած է այդ։ Յաջորդ օրը ժամը 18:00-ին խօսափողով կարդացի ձեզի ծանօթ կոչս”։
ԼՈՆԴՈՆԻ ՌԱԴԻՈՅՈՎ ՀՆՉԱԾ ԽՕՍՔԸ՝ 18 ՅՈՒՆԻՍ 1940-ԻՆ
“Տարիներ շարունակ ֆրանսական բանակի ղեկավար կազմին մեջ գտնուող առաջնորդները՝ կառավարութիւն ձեւաւորեցին: Այս կառավարութիւնը յայտարարելով մեր բանակներուն պարտութիւնը՝ հակառակորդին հետ շփուեցան, որպէսզի դադրեցնեն ընդհարումը: Ի հարկէ, մենք ճնշուած էինք թշնամիի ռազմական մեքենաներով, ցամաքային եւ օդային ուժերով: Անոնց թիւէն աւելի անսահմանօրէն շատ էին հրասայլերը, օդանաւները, մարտավարութիւնը գերմանացիներու՝ որոնք մեզ ստիպեցին նահանջելու: Հրասայլերն էին, օդանաւներն ու գերմանացիներու մարտավարութիւնը՝ որոնք զարմացուցին մեր առաջնորդներուն, եւ այնտեղ հասցուցին զանոնք՝ ուր այսօր ներկայ են: Բայց վերջին խօսքը ըսուա՞ծ է: Յոյսը պէտք է անհետանա՞յ: Արդեօք պարտութիւնը վերջնակա՞ն է: Ոչ։ Հաւատացէք ինծի։ Ես՝ ով գիտակցաբար կը խօսի ձեզի հետ ու կ՛ըսէ, Ֆրանսայի համար ո՛չ մէկ բան կորած է: Նոյն միջոցները որոնք մեզ պարտութեան մատնեցին՝ անոնք ալ յաղթանակ պիտի բերեն մեզի օր մը: Որովհետեւ Ֆրանսան միայնակ չէ։ Ան միայնակ չէ՛։ Ան միայնակ չէ՛։ Ան իր ետեւն ունի ընդարձակ Կայսրութիւն։ Ան կրնայ ճակատ կազմել Բրիտանական Կայսրութեան հետ, որ կը տիրէ ծովուն եւ կը շարունակէ պայքարը: Ան ինչպէս Անգլիան՝ կրնայ առանց սահմանափակութեան օգտագործել Միացեալ Նահանգներու հսկայական արդիւնաբերութիւնը: Այս պատերազմը չի սահմանափակուիր մեր դժբախտ երկրի տարածքով։ Այս պատերազմի ելքը չ՛որոշուիր Ֆրանսայի ճակատամարտով։ Սա համաշխարհային պատերազմ է։ Բոլոր թերութիւնները, բոլոր ձգձգումները, բոլոր տառապանքները չեն կրնար խանգարել՝ քանի որ տիեզերքի մէջ կան բոլոր անհրաժեշտ միջոցները, ճզմելու համար մեր թշնամիները։ Այսօր մեքենայական ուժով հարուածուած ըլլալով՝ ապագային պիտի կարենանք յաղթանակ տանիլ գերհզօր մեքենական ուժով։ Աշխարհի ճակատագիրը այստեղ է: Ես՝ Գեներալ Դը Գոլս, որ ներկայիս Լոնդոնի մէջ եմ, կը հրաւիրեմ ֆրանսացի սպաներն ու զինուորները՝ ովքեր կը գտնուին Բրիտանական տարածքին, կամ ովքեր հոն կուգան իրենց զէնքով կամ առանց զէնքի՝ կը հրաւիրեմ ինժեներներն ու սպառազինութիւններու ոլորտի մասնագետները, որ կապ հաստատեն ինծի հետ: Ինչ ալ որ պատահի՝ ֆրանսական դիմադրութեան բոցը պէտք չէ հանգի, ու չի հանգիր: Վաղը, ինչպէս որ այսօր, պիտի խօսիմ Լոնդոնի ռադիոյով”:
Շարլ Դը Գոլլ
Այս իրադարձութիւնը կը տօնուի ամէն տարի՝ 1941 թուականէն ի վեր, եւ խորհրդանիշը դարձած է պարտութեան մերժման եւ զինադադարի ողբերգական հետեւանքներուն:
Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը ներկայ գտնուեցաւ Յունիսի 18-ի Կոչի 78-րդ տարեդարձին:
Անոր ներկայութիւնը շատ խորհրդանշական էր, եւ ան ցանկացաւ յիշեցնել Արեւմտեան Հայաստանի հայերուն մասին, որ անոնք ոչ միայն ունեցած են նմանատիպ իրադարձութիւններ՝ այսինքն Հայրենիքի բռնագրաւում, այլեւ միայն իրենք չէ որ Պետութեան ներկայացուցչականութեան ընդհատում ունեցած են։
Շնորհիւ Գեներալ Դը Գոլլի վճռակամութեան, անոր հայրենասիրութեան, անոր պատասխանատւութեան՝ որպէս իր Պետականութեան պաշտպանի, ան Դիմադրութեան կոչ ըրաւ, եւ կրցաւ Ֆրանսան ազատագրել Ամերիկացիներու եւ Եւրոպացիներու օգնութեամբ:
Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրումը անխուսափելիօրէն իրականութիւն կը դառնայ միայն այն պարագային՝ եթէ Արեւմտեան Հայաստանի հայերը նման որոշում կայացնեն գործուն մասնակցութիւն բերելու Արեւմտեան Հայաստանի Պետականուտութեան պահպանման: