Այսօր հայ մեծ երգահան Կոմիտասի (Սողոմոն Գէորգի Սողոմոնեան) ծննդեան օրն է: Ան ծնած է Թուրքիոյ Քէօթահիա քաղաքին մէջ` երաժշտասէր ընտանիքէ մը: Մէկ տարեկանէն զրկուած է մօրմէն, իսկ տասը տարեկանին կորսնցուցած է հօրը: Ապրած է իր տատին հետ մինչեւ 1881 թուականը, երբ իրենց հայկական թեմի առաջնորդը գացած է Էջմիածին եպիսկոպոս օծուելու։ Գէորգ Դ Կաթողիկոսն առաջնորդին պատուիրած է, որ ան իր հետ մէկ որբ երեխայ բերէ Էջմիածինի վանք՝ կրթութիւն ստանալու համար:
Ան մեկնած է Էջմիածին, եւ այնտեղ իր զարմանահրաշ երգով մեծ տպաւորութիւն գործած է կաթողիկոսին վրայ։ Ի վերջոյ, 20 թեկնածուներու մէջէն ընտրուած է Սողոմոնը։ 1890 թուականին դարձած սարկաւագ եւ 1893 թուականին աւարտած է Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը։
Կոմիտաս շրջած է երկրի բոլոր շրջաններով ու գիւղերով, եւ հաւաքագրած է զանազան ժողովրդական երգեր եւ պարեր։ Այսպիսով, ան հաւաքած է մօտաւորապէս 3000 երգ, որոնց մեծ մասը յարմարցուցած էր երգչախումբով երգելուն։
Կոմիտասի գլխաւոր աշխատանքն է «Պատարագ»-ը, որ մինչև այսօր առկայ է եկեղեցիի ծիսակատարութեան մէջ: «Պատարագ»-ն առաջին անգամ հրատարակուած է 1933 թուականին Փարիզի մէջ, եւ առաջին անգամ ձայնագրուած է 1988 թուականին Երեւանի մէջ։
1910 թուականէն ետք ան ապրած եւ աշխատած է Պոլսոյ մէջ: 1915 թուականի Ապրիլ 24-ին ան բազմաթիւ հայ մտաւորականներու պէս ձերբակալուած եւ հարկադրուած է քալելու աքսորի ճամփաներով դէպի Արաբիոյ անապատները։ Անոր լաւ ընկերները՝ թիւրք բանաստեղծ Էմին Եարդաքուլը եւ Ամերիկեան դեսպան Հենրի Մորգենթաուն, միջամտած են, եւ Կոմիտասն ազատուած է։
Ան տեղափոխուած է Փարիզ, ուր ալ մահացած է հոգեբուժական կլինիկայի մէջ` 1935 թուականին։ Յաջորդ տարի անոր աճիւնը փոխադրուած է Երևան։
«Հայ ժողովուրդի զաւակնե՛ր, դուք կարդացէք Մովսէս Խորենացի, Եղիշէ, Նարեկացի, Խաչատուր Աբովեան, Րաֆֆի, Ալիշան, Պեշիկթաշլեան՝ եւ տեսէք, թէ ով ենք մենք»: