Իզմիրի առանձնակի ծանր յանցագործութիւններու դատարանը որոշում կայացուցած է չեղեալ համարելու Ամերիկացի քահանայ Էնդրիւ Բրանսոնի հանդէպ որպէս նախնական խափանման միջոց ընտրուած տնային կալանքն ու երկրէն դուրս գալու արգելքը: Ան դատապարտուեր էր 3 տարուայ ազատազրկման, որ արդէն պիտի փոխարինուի անոր բանտին մէջ անցուցած ժամկէտով, կը գրէ «Յենիչաղ» պարբերականը:
Աւելի վաղ մամուլի մէջ լուրեր տարածուած էին, թէ Անկարան ու Ուաշինգտոնը համաձայնութեան եկած են Ամերիկացի քահանայի ազատ արձակման եւ Թիւրքիոյ դէմ ԱՄՆ-ի սահմանած պատժամիջոցներու չեղեալ յայտարարելու հարցով: Սակայն Միացեալ Նահանգներու պետքարտուղարութեան խօսնակ Հիզեր Նոյերթը հերքած է այդ պնդումները:
Բրանսոնն ու անոր կինը, որոնք Իզմիրի մէջ կը ղեկավարէին քրիստոնէական եկեղեցի, կալանավորուած էին գաղթելու օրէնսդրութեան խախտման մեղադրանքով:
Աւելի ուշ հոգեւորականին մեղադրանք առաջադրուած էր «Քրդստանի աշխատաւորական կուսակցութեան», ինչպէս նաև Թիւրքիոյ յեղաշրջման փորձի համար մեղադրուող թիւրք կրօնական քարոզիչ Ֆեթուլլահ Գիւլէնի «Հիզմէթ» խմբաւորման հետ կապեր ունենալուն համար: