«Արեւմտեան Հայաստան» հեռուստաընկերութեան գլխաւոր էջը կը ներկայացնէ նորաբաց «Արմենոսիդ» բաժինը, որու շրջանակներուն մէջ կը ներկայացնենք հայերուն դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը վերապրած կնոջ մը վկայութիւնը, ով կը պատմէ իր հետ պատահած պատմութիւնը։

Տիրուհի Խորոզեանը հայերուն դէմ կատարուած ցեղասպանութեան քանի մը կենդանի մնացած վկաներէն էր: Այն ժամանակ ան ընդամէնը վեց տարեկան էր, բայց արդէն «թշնամի» եւ «թիւրք» բառերը կ՛ընկալէր որպէս հոմանիշներ։ Ան չափազանց փոքր էր, որպէսզի հասկնար, թէ ինչու է այդ այդպէս, բայց բաւական մեծ էր այդ արիւնոտ դրուագներն ու վայրագութիւններն իր ողջ կեանքին ընթացքին յիշելու համար։

 

1915թ․-էն յետոյ իննսուն տարի անց Տիրուհին խօսեցաւ իր հայրենի Ադաբազար քաղաքին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն մասին, այնպէս, ինչպէս անոնք դեռ երեկ եղած էին։

 

«Արդէն երկու օր էր, որ մենք կը փախչէինք ժայռերով ու կիրճերով եւ այնքան ծարաւ էինք, որ մեր բերանները չորցած էին, նոյնիսկ շնչելը շատ բարդ կը թուար: Օր մը մայրս իջաւ ձորէն ջուր բերելու եւ տեսածէն սարսափահար՝ ետ դարձաւ։ Գետը այնտեղ նետուած դիակներու արիւնէն ամբողջովին կարմիր գոյն ստացած էր », – կը յիշէ Տիրուին:

 

Ադաբազարը Թիւրքիոյ հիւսիս-արեւմուտքին գտնուող քաղաք է: 1915 թ.-ին այնտեղ կը բնակէին շուրջ 30.000 մարդ, որոնց կէսէն աւելին հայեր էին: Անոնք առհասարակ կը զբաղէին առեւտուրով, արհեստներով, գիւղատնտեսութեամբ եւ միրգեր աճեցնելով: Այնտեղ չորս եկեղեցի կար նախապատրաստական դպրոցներով:

 

Սկսած 1915 թուականէն՝ հայ բնակչութիւնը տեղահանուեցաւ եւ սպաննուեցաւ գաղթի ճամբաներուն: Տիրուհիի հայրը` Անդրանիկ Արզումանեանը, ֆեդայի էր եւ կ՛օգնէր մարդկանց փախչելու թիւրքերու յաթաղաններէն։

 

Տիրուհին կը պատմէ,- «Օր մը երկու թիւրք զինուորներ բռնեցին հօրս, ես անոր հետ էի: Զինք բռնեցին եւ տարին, ես փոքրիկ երեխայ էի եւ կորսնցուցի ճանապարհը»։

 

«Զինուորները ինծի ցոյց տուին տուն երթալու ուղղութիւնը: Ես գացի այդ ճանապարհով եւ շուջս միայն մահ, սպաննուած մարդիկ, արիւն էր։ Ես չէի գիտեր ընելիքս, որ կողմ երթալս։ Բախտս բերաւ, որ տարեց կին մը կ՛անցնէր երկու երեխաներու հետ, ան ըսաւ, որ կ՛օգնէ ինծի եւ կը տանի մօրս մոտ»:

 

Բարեբախտաբար, երկար որոնումներէ ետք, Տիրուիի մայրը նոյն օրը կը գտնէ իր աղջկան եւ կը կարողանայ փրկել զինք: Այնուհետեւ մայրը Տիրուիհիին կրտսեր քրոջ եւ եղբօր հետ կը տանի Իզմիր, ապա` Յունաստան: Մէկ տարի անց անոնք կը գտնեն նաեւ իրենց հայրը, որ կրցած էր կերպով մը փախչիլ:

 

«Մենք ապրեցանք Յունաստան մօտ 18 տարի, մինչեւ 1932 թ .: Այնտեղ կ՛աշխատէինք ծխախոտի տնկարաններու մէջ: Երբ Խորհրդային Հայաստանը սկսեցաւ ընդունիլ հայրենադարձները, մենք նոյնպէս եկանք Երեւան», – ըսաւ Տիրուհին:

 

Տիրուհին իր ծննդավայրէն որեւէ պահպանուած բան չունի, որն ինրեն կը յիշեցնէ իր հայրենի քաղաքը: Ան կ՛ըսէ. «Ինչպե՞ս կրնայի հետս բան մը վերցնել իմ հայրենիքէն, երբ այնեղէն փախանք կայծակնային արագութեամբ»:

 

Ծեր կինը խոստովանեցաւ որ հազիւ թէ երբեւէ կարողանայ ներել թիւրքերուն: «Գուցէ երիտասարդները ներեն զիրենք, որովհետեւ անոնք չեն տեսած այդ ամէնը, բայց ոչ ես: Ես երբէք չեմ կրնար ներել անոնց», – ըսաւ ան եւ կրկնեց.« Չեմ կրնար»:

 

Պահ մը հայեացք նետելով դէպի իր վառուող մանկութիւնը՝ ան աւելցուց. «Մենք ապրեր ենք այդ կեանքը, լաւ կամ վատ՝ այդ մերը եղած է: Երեւի միւս աշխարհին մէջ աւելի լաւ կեանք կ՛ունենանք»:

 

http://www.genocide-museum.am/eng/tiruhi-khorozyan.eng.php