Անգլիոյ Դերբի քաղաքի խորհուրդը միաձայն ընդունած է Հայերու դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ:

Բանաձեւով կը նշուի, որ Խորհուրդը 1915-1923 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1,5 միլիոն հայերու սպաննուիլը կը ճանչնայ որպէս հայ ժողովրդին դէմ գործուած ցեղասպանութիւն:

Խորհուրդը նաեւ կոչ կ՛ընէ կառավարութեան՝ քննարկելու Հայերու դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը ճանչցնալու հարցը:

«Հակառակ Թիւրքիոյ կողմէ զգալի քաղաքական ճնշումներուն՝ արգելափակելու համար քաղաքին մէջ Հոլոքոստի զոհերու յիշատակի օրուայ միջոցառումներուն հայերու դէմ կատարուած ցեղասպանութեան յիշատակումը՝ քաղաքային Խորհուրդը ուժեղ ազդակ ուղարկած է, յայտնելով, որ Բրիտանացի ժողովուրդը ճշմարտութեան եւ արդարութեան կողմնակիցն է, երբ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն մը կը կատարուի», – կ՛ըսէ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայ Ազգային Խորհուրդը։

Յիշեցնենք, որ 1917թ.-ի Դեկտեմբեր 29-ին Խորհրդային Ռուսաստանի Ժողկոմխորհին կողմէ ընդունուած «Թիւրքահայաստանի մասին» (Արեւմտեան Հայաստան) Դեկրետով ճանչցուած է Թիւրքահայաստանի (Արեւմտեան Հայաստանի) հայութեան ազատ ինքնորոշման իրաւունքը՝ ընդհուպ մինչեւ անոր լիակատար անկախութիւնը:

1920թ.-ի Յունուար 19-ին` Փարիզի Վեհաժողովին ժամանակ, Դաշնակից Տէրութիւններու Գերագոյն Խորհուրդին կողմէ դէ ֆակտօ (de facto), իսկ 1920թ.-ի Մայիս 11-ին Սան Ռէմոյի խորհրդաժողովին ժամանակ դէ յուրէ (de jure) ճանչցուեցաւ որպէս անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն: 1920թ.-ի Նոյեմբեր 22-ին ԱՄՆ-ի նախագահ Վուդրո Ուիլսոնի Իրաւարար վճիռով որոշուեցաւ հայ-թրքական սահմանը:

Հարկ է նշել, որ Արեւմտեան Հայաստան Պետութիւնը ՄԱԿ-ի կողմէ չէ ճանչցուած՝ Թիւրքիոյ կողմէ անոր տարածքի բռնագրաւուած ըլլալուն պատճառով:

Յիշեցնենք, որ 1894-1923թթ.-ուն Արեւմտեան Հայաստանի գրաւուած տարածքներու բնիկ հայ ժողովուրդը թրքական երեք կառավարութիւններուն կողմէ ենթարկուեր է Ցեղասպանութեան: