Այս լուսանկարով ներկայացուած է Էրզրումի հայերու բռնի գաղթեցման մէկ դրուագը դէպի Միջագետքի Սուշեհիր գիւղաքաղաքի մօտ: Լուսանկարը ըրած է Աւստրիացի կենսաբան Վիկտոր Փիչմանը (1881-1956 թթ.): Գերմանական կառավարութեան յանձնարարութեամբ ան 1914 թուականէն սկսեալ մինչեւ Առաջին աշխարհամարտի աւարտը Էրզրումի մէջ կազմակերպած է թրքական լեռնահրաձգային զօրամասերը, միաժամանակ գերմանական Գլխաւոր շտաբին համար քարտէսագրած է Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող ռազմական գործողութիւնները: Ճամբորդելով եւ այսպիսի աշխատանքներ կատարելով Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին` ան յաջողած է լուսանկարել բազմաթիւ տեսարաններ հայերու բռնագաղթէն:
Հետաքրքիր է, որ Փիչմանի կողմէ կատարուած լուսանկարներուն մէջ բռնագաղթեալներու շարքերուն տղամարդիկ չեն երեւար. միայն կանայք են եւ մանուկներ: Հայ տղամարդկանց մեծ մասը այդ ժամանակ արդէն սպաննուած էր:
Էրզրումէն հայ բնակչութեան տեղահանութիւններն սկսած են 1915 թ.-ի Յուլիսի սկիզբներուն: Պատմական աղբիւրներն ու վերապրածներու վկայութիւնները կը հաստատեն Էրզրումի հայութեան դաժան ճակատագիրին մասին. Էրզրումէն եւ շրջակայ գիւղերէն շուրջ 35-40 հազար հայ տեղահանուած է Դերջան, Երզնկայ, Սեբաստիայ (Սւազ): Տեղահանուածներէն շատ քիչերը կրցած են փրկուիլ:
Աւելին, բազմաթիւ հայեր կոտորուած եւ բազմաթիւ տանջանքներու ենթարկուած են դեռ գաղթի ճամբուն. տղամարդիկ գնդակահարուած կամ կացնահարուուած էին խումբերով, կանայք բռնաբարուած էին ու սպաննուած կամ կը մեռնէին ճամբու վրայ տարաբեր տեսակ հիւանդութիւններէ, ծարաւէ, սովէ, իսկ մինակ ու անօգնական մնացած մանուկները անխուսափելիօրէն կը դատապարտուէին մահուան:
«Անոնք կը սպաննէին կանանց, մանուկներուն եւ մեծահասակներուն՝ ողջակիզելով թրատելով, խեղդելով գետերու մէջ, գնդակահարելով խումբերով, ժայռերէն գլորելով խոր վիհեր: Սոված եւ ցրտահարուած մարդկանց մահուան կը դատապարտէին` դաժան խոշտանգումներու ենթարկելով: Հազարաւոր գաղթական հայեր կը մահանային համաճարակներէ գաղթի ճամբուն վրայ եւ գաղթակայաններու մէջ: Էրզրումի եւ Բասէնի հարթավայրերու բնակիչները` կանայք, մանուկներն ու մեծահասկաները կը տեղահանուէին իրենց գիւղերէն՝ հարկադրաբար հասնելու համար Միջագետք»:
http://www.genocide-museum.am/eng/09.02.2015-100photos.php