Ծնողներս՝ Խանում Փոլադեանը եւ Յովհաննէս Բաբլանեանը, Հայերուն դէմ կատարուած Ցեղասպանութիւնը վերապրածներէն են։ Ցաւօք, ծնողներուս պատմութիւնը եզակի չէ: Հարցուցէք գրեթէ որեւէ հայու, եւ անոնք նոյնպէս կը պատմեն նոյնատիպ ողբերգական պատմութիւններ, զորոնք լսեր են իրենց ծնողներէն կամ տատիկ պապիկներէն։

1924թ․ Հալէպ․ Լուսանկար Յովհաննէս եւ Խանում Բաբլանեաններու հարսանիքէն։  (Լուսանկարը՝ Հրանդ Բաբլանեանի)

 

Խանում Բաբլանեանի պատմութիւնը, իր խօսքերով։

Ծնած եմ Ուրֆայի մէջ։ Ընտանիքի եօթ երեխաներէն մէկն էի։ Ութ տարեկան հասակիս մնացի որբ, կորսնցուցի ընտանիքիս բոլոր անդամները, բացի Կարապետէն՝ իմ տասներկու տարեկան եղբօրմէս։ Անոր յաջողած էր փախչիլ, զինք փրկած էր արաբ ընտանիք մը։ Հայրս եւ մեծ եղբայրս՝ Ներսէսը, սպաննուեր են թիւրքերու կողմէ։

Բազմաթիւ Հայ կանանց եւ երեխաներուն կը հաւաքեն յանձնարարելով լքել տուները` առանց իրենց ունեցուածքներէն բան մը վերցնելու։ Թիւրք զինուորները կը պնդէին, որ այդ եղածը ընդամենը «ժամանակաւոր տեղաշարժ» է, սակայն բազմաթիւ Հայ կանայք եւ երեխաներ, զինուած թիւրք սպաներու ուղեկցութեամբ, արտաքսուեցան դէպի հարաւ սուրիական անապատ։

Մենք օրերով կընքալէինք, տատիկս այլեւս չէր կրնար քալել ոտքերու ցաւին պատճառով։ Ան անընդհատ ետ կ’իյնար իսկ թիւրք ժանդարմներն անհամբեր էին։ Ի վերջոյ, անենք սպաննեցին զինք։

Մայրս նունպէս շատ կը հոգնէր, ան այլեւս չէր կրնար իր հետ տանիլ հիւանդ երեխային։ Ան գիտէր, որ շուտով երեխան պիտի մահանար, քանի որ ան բաւական կաթ չունէր զայն կերակրելու համար։ Մայրս համբուրեց զայն, ուժեղ սեղմեց սրտին եւ ձգեց ճամբուն վրայ։ Այդկէ յետոյ մայրս հիւանդութեան եւ հոգնածութեան պատճառով շատ թուլցաւ։

Գիշեր մը ես արթնցայ մօրս ձայնէն.  «Խանո՜ւմ, Խանո՜ւմ ծածկէ զիս, կը խնդրեմ, շատ կը մսիմ»։ Ես ոչինչ ունէի մօրս ծածկելու համար։ Ես նետուեցայ անոր վրայ, սակայն երկուքիս մէջ ալ ջերմութիւն չէր մնացած։ Յաջորդ առաւօտ, երբ արթնցայ մայրս այլեւս ողջ չէր։ Ես մնացի լրիւ միայնակ փոքր եղբօրս Հայկազունի եւ քրոջս Փայլազունի հետ։ Շփոթուած լաց ըլլալով’ ես զիրենք կորսնցուցի ամբոխին մէջ։ Ամեն տեղ փնտրեցի, բայց չկրցայ զիրենա գտնել։ Մինչ օրս չեմ կրնար ներել ես ինծի անոնց կորսնցնելուս համար։ Յոյս ունիմ, որ անենք դեռ ողջ են։ Դէյ Զօր հասնելուս պէս, զիս իր մօտ վերցուց յարգարժան եւ յայտնի արաբ ընտանիք մը։ Անոնք շատ լաւ կը վերաբերէին ինծի հետ եւ հոգ կը տանթին իմ մասիս։ Վերջապէս պատերազմն աւարտուեցաւ Թիւրքերը ջախջախուած էին։

Դէյր Զօրի մէջ ամերիկեան որբանոց բացվուեցաւ։ Հայ որբները տարբեր տեղերէ հաւաքուեցսն եւ ընդունեւեցսն մանկատուն: Հոն տեղափոխուեցայ նաեւ ես եւ մնացի մինչեւ իմ եղբայր Կարապետը գտաւ զիս եւ մենք միասին գացինք Հալէպ:

Յովհաննէս Բաբլանեանի պատմութիւմը, իր խօսքերով։

Ծնած եմ Ուրֆա։ Ունեցեր եմ հինգ քոյր եւ եղբայր, սակայն անոնցմէ միայն երկուքը ողջ մնացած են։ Առաջին համաշխարհային պատերազմին ժամանակ, քսան տարեկան հասակիս թիւրքերը զիս տարին Աշխատանքային գումարտակ: Բարեբախտաբար կրցայ փախչիլ եւ խուսափիլ մահէն, որ կը սպասուէր Հայկական աշխատանքային գումարտակի մնացած մասին։ Յետագային ես ընդունուեցայ թրքական ռազմական հիւանդանոց՝ որպէս օգնական խոհանոցէն ներս։ Երբ գլխաւոր խոհարարն անյետացաւ, ես դարձայ նոր գլխաւոր խոհարարը՝ Խոհարար Ազիզը։ Յետոյ ես պատահաբար գտայ մեծ եղբօրս՝ Սարգիսին։ Մենք միասին փախանք աւելի ապահով վայր։ Արդէն պատերազմի վերջն էր եւ թիւրքերը ջախջախուած էին։ Աւելի ուշ իմացայ, որ քոյրս թրքական դաժանութիւններէն խուսափելու համար իրեն նետեր է ջրհորը։ Ցաւօք, չեմ գիտեր թէ ինչ տեղի ունեցած է փոքր քրոջս հետ։ Յարութիւնը՝ եղբայրս, կրցած է ողջ մնալ, իսկ փոքր եղբայրս՝ Յակոբը միացեր է Ուրֆայի հերոսամարտին եւ սպաննուեր է ազատութեան համար կռուելու ընթացքին։

Կորած հարազատներու փնտռտուքները

Պատերազմի աւարտէն ետք, քանի մը ընկերներու կողմէ հայրս ու մայրս ծանօթացեր են իրարու եւ շուտով ամուսնացեր են։ Անոնք ունեցեր են չորս զաւակ․ Յակոբը՝ ծնած Ուրֆայ, Ներսէսը եւ Պօղոսը՝ ծնած Դամասկոս, եւ ես ծնած եմ Քիրքուք, 1931 թ-ին։

 

Ես երբէք կանգ չեմ առած եւ անընդհատ փորձեր եմ գտնել հարազատներս, զորոնք կորսնցուցած եմ Հայերուս դէմ կատարուած Ցեղասպանութեան հետեւանքով, սակայն երբէք չէի կրնար պատկերացնել, որ որոնումներս այսպիսի արդիւնքներ կու տան։

2008 թ․-ին Հալէպի մէջ հանդիպեցայ իմ զարմիկներուս իսկ Երեւանի մէջ շատ Բաբլանեաններու։ Այստեղ ես նաեւ պարզեցի, որ շատերն այժմ կ՛ապրին Նորավանքի մօտ գտնուող Շատին գիւղին մէջ։

Հիմա՝ Հայերու դէմ կատարուած Ցեղասպանութենէն աւելի քան մեկ դար ետք, ընտանիքիս անդամները աշխարհի տարբեր ծայրերէն վերամիաւորուած են․ Տորոնտոյէն, Սիդնիյէն, Լոնդոնէն, Հալէպէն, Բէյրութէն, Երեւանէն, Լոս Անջելըսէն, Սան Դիյէգոյէն, Դալասէն, Բաղդադէն, Քուէյթէն եւ հնարաւոր ուրիշ այլ վայրերէ, որոնք դեռ չենք բացայայտած։