Մոտ 80 տարի առաջ քահանայ մը ճամբայ ինկաւ աշխարհով մէկ, որպէսզի գտնէ ցեղասպանութեան մէկ վկայութիւնը, որու զոհը դարձած էին իր ծնողները՝ իր քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ միասին։ Վերջերս Վուսթերի մէջ Քլարկի համալսարանի դասախօս մը հրապարակեր է փաստաթուղթեր, օսմանեան պետական կառոյցին կողմէ արձակուած «հրամաններ՝ սպաննելու մասին» եւ ծածկագրուած հաղորդագրութիւններ։
Հայր Գրիգոր Կերկերեանը, ով Հայերուն դէմ կարտարուած Ցեղասպանութիւնը վերապածներէն է, իր ամբողջ կեանքին ընթացքին տանջուեր է այդ տարիներու վայրագութիւններուն մասին յիշողութիւններէն։ Ան որոշեր է ատենախօսութիւն գրել Ցեղասպանութեան մասին եւ մեկներ է Փարիզ Պօղոս Նուպար փաշայի գրադարան, այնուհետեւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարան՝ այս անձնական ուսումնասիրութիւնները նկարելու եւ թուղթին յանձնելու համար։
Սակայն Կերկերեանը այդպէս ալ չէ կրցած աւարտել իր ատենախօսութիւնը։ Այն փաստաթղթերը, որոնք ան գտեր էր Փարիզւ մէջ, անհետացեր էին։ Քահանան մահացեր է 1988թ․-ին Նիւ Եորքի մէջ։
Գրիգոր Կերկերեանի Արխիւը կը պարունակէ բազմաթիւ փաստաթուղթեր, որոնք ան գտեր եւ հաւաքեր է իր ամբողջ կեանքի ընթացքին՝ սկսած 1930թ․-էն մինչ իր մահը 1988թ․-ին։ Բազմաթիւ գիտնականներ տեղեակ են Արխիւի գոյութեան մասին, սակայն համարեայ թէ ոչ ոք զանոնք օգտագործեր է։ Հիմնական պատճառը կը կայանայ անոր մէջ, որ Արխիւը երբէք չէ տեսակաւորուած եւ դասակարգուած, այդ պատճառով ալ նիւթերը չունին համակարգուած կառուցուածք։
Արխիւի բոլոր նիւթերը առցանց փոխանցելու համար՝ մենք կը դասակարգենք կատարելու եւ բաժնելու փաստաթուղթերը երեք հիմնական խումբերու: Մենք զանոնք անուաներ ենք Առաջին, Երկրերդ եւ Երրորդ Արխիւներ եւ անոնց իրենց հերթին տուեր ենք առանձին բաժիններ։ Այս առանձին արխիւներէն իւրաքանչիւրին եւ անոնց պարունակած փաստաթուղթերուն վերաբերեալ մանրամասն տեղեկութիւնները կարելի է գտնել համապատասխան բաժիններուն մէջ:
Առաջին Արխիւը բաղկացած է միայն օսմանեան նիւթերէն։ Փաստաթուղթերուն մեծ մասը կը վերաբերի 1919-1921 թթ․-ուն Միութիւն եւ Առաջադիմութիւն կոմիտէի անդամներուն եւ Ցեղասպանութեան ոճրագործներուն դէմ ուղղուած դատերուն։ Այս նիւթերուն բնօրինակ փաստաթուղթերը կամ կորած են կամ գաղտնի կը պահուին Թիւրքիոյ կառավարութեան կողմէ: Այստեղ առկայ նիւթերը բաղկացած են տեսանիւթերէ, զորոնք նկարահաներ է Կերկերեանը 1960-ականներուն, ուր ներկայացուած փաստաթուղթերուն կրկնօրինակները կը պահպանուին Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքանէն ներս։ Մեզի հնարաւորութիւն ընձեռնուեր է համեմատելու Կերկերեանի տեսանկարած փաստաթուղթերը Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան փաստաթուղթերուն հետ։
Այս համեմատութենէն պարզուած է, որ Կերկերեանը նկարահաներ է դատարանին պատկանող գրեթէ բոլոր նիւթերը։ Մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանին, այս համեմատութիւնը կատարելու հնարաւորութիւն ընձեռելուն համար։
Թէ ինչպէս Կոնստանդնուպօլսի դատարաններուն վերաբերեալ փաստաթուղթերը հասեր են Երուսաղէմի արխիւ, կրնաք տեսնել Կերկերեանի կեանքի պատմութիւնը նկարագրող բաժնին մէջ:
Օսմանեան փաստաթուղթերուն միւս մասը կը պատկանի Փարիզի Պօղոս Նուպար փաշայի գրադարանին։ Փաստաթուղթերուն մէջ նաեւ տեղ գտած են Թալեաթ փաշայի հեռագիրները։
Օսմանեան նիւթերուն մեծ մասը համախմբուեր եւ դասակարգուեր է։ Անոնց անգլերէն թարգմանութիւններու աշխատանքները դեռ շարունակական բնոյթ կը կրեն։ Անգլերէն եւ թրքերէն թարգմանութիւննները կը հրապարակուին աւարտելուն պէս։ Նաեւ ստեղծուեր է ամեն փաստաթուղթի պարունակութիւնը մանրամասն բացատրող ցուցիչ՝ նպաստելով հետազօտողին հետաքրքրող փաստաթուղթերու ստացման:
Երկրորդ Արխիւը բաղկացած է Կերկերեանի անձնական աշխատանքներէն։ Մինչ 1988 թ․-ը ան աշխատեր է իր հաւաքած նիւթերուն վրայ, հաւաքելով տարբեր նշումներ, եւ զանոնք թարգմաներ է քանի մը լեզուներով` հայերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն: Ան նաեւ գրեր է տարբեր նիւթերով գիրքեր, ինչպէս 1919-1920 թթ․-ներու Եոզղաթի եւ Կայսերիի դատերը։ Կերկերեանի գործերուն հանդէպ ունեցած յարգանքէն ելլելով՝ չկարգաւորուած փաստաթուղթերը կը թողունք այնպէս ինչպէս որ կան։ Այնուամենայնիւ, որոշեցինք յատուկ մեկնաբանութիւն տրամադրել, որ կը պարունակէ որոշակի ընդհանուր տեղեկութիւններ այդ հայերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ թրքերէն նիւթերուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ ատոր հետ մէկտեղ մանրամասն ցուցիչ: Այս երկու գործօնները օգտագործելով՝ կարդացողը կը կարողանայ հեշտութեամբ օգտուիլ Կերկերեանի անձնական արխիւներու նիւթերէն։
Երրորդ Արխիւը կը պարունակէ Կերկերեանի կողմէ հաւաքուած այլ նիւթեր այլ երկիրներու ազգային արխիւներէն: Այս բաժնին մէջ մեծ եւ կարեւոր տեղ կը գրաւեն Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքարանին պատկանող ֆրանսական եւ հայկական փաստաթուղթերը։ Այստեղ տեղ գտած են նաեւ փաստաթուղթեր Աւստրիոյ, Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ եւ Ամերիկայի ազգային արխիւներէն։ Այս բաժնին համար եւս ստեղծուեր են լրացուցիչ տեղեկութիւն պարունակող մեկնաբանութիւններ, ինչպէս նաեւ յատուկ ցուցիչ:
Արխիւի ամենահարուստ նիւթերէն են հայերէնով ձեռագիր գրուած փաստաթուղթերը։