Հայերուն դէմ կատարուած Ցեղասպանութիւնը վերապրած Հայկ Ահարոնեանի յուշագիրը գրուեր է իր որդի Էմանուէլ Սերխիո Ահարոնեանին կողմէ:

 

Հայկ Ահարոնեանը ծնած է 1905 թ.-ի Մայիս 25-ին Սեբաստիայ, եւ յաճախած է հայկական ինքնագործ դպրոց: Օր մը թիւրքերն իրենց կը յայտնեն, որ իրենք պիտի արտաքսեն բոլոր հայերը: Անոնք Հայկ Ահարոնեանի ընտանիքին կ՛առաջարկեն կրօնափոխ ըլլալ եւ ընդունիլ իսլամ, սակայն Հայկի հայրը՝ Մանուէլը, կը պատասխանէ, որ ծնած է քրիստոնեայ եւ պիտի մահանայ որպէս քրիստոնեայ: Հայերուն դէմ կատարուած Ցեղասպանութեան ժամանակ Ահարոնեանը կը կորսնցնէ ութսունհինգ հարազատներ: Միայն մէկուն՝ Լեւոն Դարբինեանին կը յաջողի անցնիլ Ռուսաստանի սահմանն ու ապաստան գտնել Արեւելեան Հայաստանի մէջ:

 

Թիւրք մը Հայկին կը տանի Մալաթիայ գտնուող իր հողամասը, ուր ան  իննը տարիէ ի վեր կ՛աշխատի: Վեց-եօթ տարեկան բոլոր երեխաները այդ ժամանակ կը սպաննուէին, որովհետեւ անոնք կը յիշէին, որ եղած են հայ ու քրիստոնեայ։ 19-ամեայ Հայկը բազում դժուարութիւննեու հանդիպելով՝  կը վերադառնայ Սեբաստիայ: Ան կ՛երթայգ իր հօր տունը եւ կը պարզէ, որ այնտեղ արդէն թիւրք ընտանիք կ՛ապրի: Երբ ան կը յայտարարէ, որ տունը պատկանած է իր հօրը՝ թիւրքերը կը պատասխանեն անոր. «Հեռացի՛ր այստեղէն, հակառակ պարագային կը կտրենք գլուխդ»:

 

Այսպիսով Հայկը ճանապարհ կ՛իյնայ Կոստանդնուպոլիս՝ դէպի մէկ այլ վտանգաւոր ճանապարհորդութեան: Ան այնտեղէն կ՛ուզէր մեկնիլ Ֆրանսա կամ ԱՄՆ: Սակայն զինք կը ձերբակալեն եւ կը մեղադրեն երկիրը լքելու մէջ։ Բանտին մէջ ան կը հանդիպի Գէւորգ Հալաջեանին։ Այդ հանդիպումը նկարագրուած է Հալաջեանի «Դէպի կախաղան» վերնագրուած յուշագիրին մէջ: Հալաջեանը կը նկարագրէ Ահարոնեանին որպէս երիտասարդ տղամարդ մը, ով  «արտաքսման ժամանակ կորսնցուցեր է իր ծնողները, անապատի վառող արեւին տակ խոշտանգուելով՝ ամբողջովին այրեր է մարմինը, իր սիրելիները կորսնցնելու վիշտը խոցեր է սիրտը, գերեզման փորեր է իր ձեռքերով՝ եւ այնտեղ, անապատի ավազներուն մէջ թաղեր է քրոջը, եղբօրը, հօրն ու մօրը, բայց երբէք չէ յուսահատած կամ բարոյազրկուած»:

40-45 օրուայ ընթացքին բանտին մջ խոշտանգումբներու ենթարկուելէ ետք՝ հայ մը գտած է զինք, գումար վճարած է պահակներուն եւ ազատ արձակած: Հայկը Իտալական նաւ մը նստած է եւ իր պատմութիւնը պատմած է Անգլիացի նաւապետին: Նաւապետը լսելով պատմութիւնը՝ Հայկին թաքցուցած է նաւին մէջ։

 

1924 թ.-ին  Հայկ Ահարոնեանը յաջողութեամբ հասնած է Տրիեստ եւ գացած Վենետիկ` Մխիթարեան հայրերուն մօտ: Յետագային ան դարձած է Մուրադ-Ռափայէլեան վարժարանի ուսուցիչ: Ուսանողներէն մէկուն՝ Գաբրիէլ Զարմանեանի հրաւերով մեկնած է Տրիպոլի, Լիբիա: Այնտեղ ան ամուսնացած է Գաբրիէլի քրոջ հետ: Երեխայի ծնելէն 33 օր յետոյ՝ Նվարդը, անոր կինը մահացած է: Յետոյ ան ամուսնացեր է հայերուն դէմ կատարուած ցեղասպանութենէն փրկուած Փայլուն Սիրունեանին հետ։

 

1948-ին Հայկ Ահարոնեանը որոշեր է հեռանալ Տրիպոլիի բարգաւաճ կեանքէն եւ վերադառնալ Հայկական Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն. «Ես յոգներ եմ առանց երկրի մարդ ըլլալէ: Մենք հայ ենք եւ Հայաստանը մեր հայրենիքն է: Ի վերջոյ ընտանիքս սպաննուեցաւ՝ քանի որ մենք հայ ենք»: Սակայն որոշ անյաջողութիւններու հանդիպելով՝  ընտանիքը կը ստիպուի հրաժարիլ հայրենիք վերադառնալու միտքէն։

 

Որդիին ուղղուած նամակով Հայկը գրած է. «Թիւրքերը մեզ սպաննեցին բարբարոսական կերպով… Անոնք հօրս սպաննեցին իմ աչքիս առջեւ, մօրս ինձմէ բաժնեցին: Ան իր ձեռքերուն կը պահէր երկու տարեկան իր աղջկան՝ Շնորհիկին: Ես գեղեցիկ վեց տարեկան քոյր մը ունէի՝  Պերճուհին, եւ ութ տարեկան եղբայր՝ Արտաշէսը: Չեմ գիտեր, թէ ուր տարած են զիրենք թիւրքերը եւ ինչպիսի դաժանութեամբ սպանած են՝ բոլոր հարազատներուս հետ միասին: Անոնք զիս ու միւս հայ տղաները տարին իրենց հետ: Սա մոռնալը անհնար է»: Հայկ Ահարոնեանն իր ընտանիքի արտաքսման ժամանակ յաղթահարած իր տառապանքներուն մասին պատմելով՝ միշտ կը նշէր. «Դուք պարզապէս կը լսէք ատոր մասին, բայց մենք տեսեր ենք մեր աչքերով»:

 

http://www.genocide-museum.am/eng/news-08.01.2018-Aharonyan.php

Վենետիկի Մուրադ-Ռափայելեան վարժարանի սաներն ուսուցիչներուն հետ, 1929-1932թթ .:

Աջ կողմէն առաջին նստածը Հայկ Ահարոնեանն է

1973 թ.-ի Փետրուար 25-ին Հայկ Ահարոնեանի նամակէն՝ ուղղուած իր որդիին