Սանամ Մուղդիմեանը (օրիորդական մականունը՝ Մութաֆեան) ծնած է 1893 թ․-ին՝ Վանի մէջ։
Սանամը եղբօր՝ Վանուշի հետ միասնաբար Վանէն նախ գացեր է Դիրաբեքիր, յետոյ՝ Քոնիա-Աքշեհիր եւ վերջը աքսորուեր է Ըսպարտա՝ Յալուաչ։
Սանամը ամբոջապէս դարձեր է ուծացման քաղաքականութեան զոհը, անոր մասին միակ վկայութիւնը այն է, որ ծնուեր է Վանի Էմին փաշա թաղամասին մէջ։ 1936թ․-ին ազգանունի փոփոխման օրէնքին ենթարկելով՝ անոր տուեր են Իրթէն մականունը։ Այդ ժամանակ Սանամին ամուսնացուցեր են Օսման Յաղջըյի հետ։
Անոնք ջնջելով Սանամ Մութաֆեան անուն մականունը՝ նոյն անձին համար ստեղծեր են Սանիյէ Իրթէն եւ Սանիյէ Յաղջը անուանումները։
1945թ․-ին Սանամը կը մահանայ, 1964թ․-ին քաղաքացիութենէն կը հանեն։ Սանամ Մուղդիմեանը նախ դարձեր է Սանիյէ, 1936 թ․-ին ստանալով Իրթէն մականունը՝ դարձեր է Սանիյէ Իրթէն։ Ամուսանալէ ետք ուրիշ գրանցամատեանի մէջ նշուած է նաեւ Սանիյէ Յաղջը։ Այս ձեւով՝ մէկ մարդու համար քանի մը անուանում կերտեր են։ 1945 թ․-ին Սանամ Յաղջըն մահացեր է Իզմիրի մէջ, 1964 թ․-ին Վանի գրանցամատյանէն հանուեր է Սանիյէ Իրթէնի անունը։ Ուծացման քաղաքակնութիւնը ի հարկէ միայն բռնի կերպով անուան, մականուան փոփոխութեան չէր վերաբերիր, այլ բռնութեան տակ անոնք փոխեր են իրենց լեզուն, կրօնը, ազգութիւնը, եւ անոնցմէ խլեր են ամեն բան։
Սանամը բռնի ամուսնութենէն յետոյ Իզմիրէն փախեր է Յալուաչ, երեխաններուն այնտեղէն վերցուցեր է, ու փորձեր է տանիլ Վան՝ ճամբուն ենթարկուելով դաժան բռնութիւններու։ Այդ երեխաները ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղածներն էին՝ Արեւմտեան Հայաստանի բնիկ ժողովուրդի զաւակները։
Սանամը կեանքի ընթացքին այդպէս ալ երեխայ չէ ունեցաց։ Անոր կեանքը անցեր է Արեւմտեան Հայաստան մնացած հայ երեխաներուն համար պայքարելով։ Միշտ փորձեր է հայ երեխաններուն գտնել՝ վերդարձնել իրենց ակունքներուն։ Ան Արեւմտեան Հայաստանի մէջ միշտ պայքարեր է իրեն պէս որբ մնացած երեխաներու կեանքին համար ։
Սանամի եղբօր՝ Վանուշի որդին հարցը տեղափոխեր է Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարան։ Թէեւ դէպքը 1915թ․-ին տեղի ունեցած է, ան մահանալէն 19 տարի յետոյ քաղաքացիութենէն զրկուած հօրաքրոջ՝ Սանամ Մութաֆեանի իրաւունքը կը փնտրէ։
Սա կը փաստէ, որ հայերը հակառակ այսքան ճնշումներուն եւ բռնութիւններուն՝ չեն դադրեցներ իրենց պայքարը։