«Journal Sentinel» – ը անդրադարձեր է հայկական ծագում ունեցող 104 ամեայ լուսանկարիչ Արթին Հայկ Կոջապապեանին՝ նշելով, որ ան երկրի վրայ դեռ ապրող այն քիչ մարդոցմէ է, ով կրնայ ըսել, թէ ներկայ գտնուած է Բեյբ Ռութի եւ Լու Գերիգի Յանկի մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած խաղերուն եւ լուսանկարեր է Նախագահ Ֆրանկլին Ռուզվելտին Սպիտակ տան մէջ։
Հայկ Արթին Կոջապապեանը ծներ է Հայաստանի մէջ Առաջին համաշխարհային պատերազմի սկսելէն մէկ շաբաթ անց։ Ան փրկուեր է Հայերուն դէմ Ցեղասպանութենէն՝ 4-5 տարեկան հասակին մնալով որբ: Ան ականատես եղեր է Ցեղասպանութեան սարսափելի դրուագներուն։ Անոր ընտանիքը Հաճըն քաղաքի հարուստ ընտանիքիներէն մէկն էր: Թիւրք զինուորները բռնի ուժով զինք բաժներ են մօրմէն։ Հայկը, ցաւօք, այդպէս ալ չէ իմացած թէ ինչ պատահեր է իր հօրը։ Հայկը լքեր է Հայաստանը եւ ապրեր է հօրեղբոր հետ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։ Մինչ 10 տարեկան հասակին Նիւ Եորք տեղափոխուիլը՝ ան ապրեր է Մարսէյլի եւ Բուէնոս Այրեսի մէջ։
Ուաշինգտոնի «Underwood & Underwood» լուսանկարչական կազմակերպութեան մէջ աշխատելու տարիներուն՝ Հայկը նաեւ Սպիտակ տան լուսանկարիչը եղեր է։ Ան լուսանկարեր է իր ժամանակի բազմաթիւ յայտնի մարդկոց։
Մինչ նախագահ ֆրանկլին Ռուզուելտի ժամանելը՝ Հայկն ու անոր երկու օգնականները միշտ վաղ առաւօտեան կ՛երթային Սպիտակ տուն, լոյսերն ու տեսախցիկները տեղադրելու համար։ Հայկը միայն 7-էն 8 րոպե ժամանակ ունէր քանի մը լուսանկար քաշելու համար, քանի որ նախագահ Ռուզվելտը ընդհանրապէս բաւական զբաղուած կ՛ըլլար։
«Երբ կը խօսէինք միասին, եւ ան այդ ընթացքին դէմքի լաւ արտայայտութիւն կ՛ունենար՝ ես մէկ անգամէն կը նկարէի։ Ես երբէք չէի ամչնար անոր հետ ազատ խօսելէ։ Մէկ անգամ նոյնիսկ ըսի․ Պարոն նախագահ, երբ կը լուսանկարեմ՝ ղեկավարը ես եմ», կը պատմէ Հայկը։
93 տարեկան հասակին՝ ան աղջկան հետ կը վերադառնայ իր հայրենիքը եւ մեծ ցաւ կ՛ապրի, երբ կը տեսնէ թէ ինչպէս է իր գիւղը աւերակուած թիւրքերու կողմէ Հայերու դէմ Ցեղասպանութեան ժամանակ։
«Ան շատ բաներ այլես չէր իիշեր», – կը պատմէ իր դուստրը: «Ան հայրենի գիւղը լքելու օրէն ի վեր՝ այնտեղ չէր եղած։ Համոզուած եմ, որ վերադարձը հարենիք՝ անոր համար բաւական զգացմունքային էր»: