,,Հայկական միասնութիւնն,, ուրախ է Ձեզ հրաւիրելու «Մերժում» (Red)  վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրման՝ թիւրք ռեժիսոր Քադիր Աքինի ներկայութեամբ, ինչը տեղի պիտի ունենայ  Երեքշաբթի օր՝ Փետրուար 12-ին, ժամը 18:30։ Եունի Մէյլ, սրահ M1130, Մուտքն ազատ է։

Ֆիլմը պիտի ներկայացնէ Վիգէն Չեթերեանը, որմէ ետք ֆիլմին շուրջ քննարկումներ պիտի ըլլան։  

«Մերժում» (Red) ֆիլմը նկարահանուեր է Քադիր Աքինի կողմէ։ Ֆիմին մէջ տեղ գտած են Օսմանեան ժողովրդավարական մտաւորական շարժման եւ «հայկական հարցին» հետ առնչուող իրադարձութիւնները, քանի որ 1893 թ.-ին Բեռլինի համաձայնութիւններէն յետոյ ան դրսեւորուեր է բոլոր առումներով: Մասնաւորապէս, նկարագրուած է հայկական կուսակցութիւններու պատմութիւնը եւ այս համաձայնագիրէն ծնուած իրաիունքներու պայքարը:

Ֆիլմի ստեղծման համար հիմք հանդիսացեր են Գում Գափուի, Սասունի եւ Զէյթունի ապստամբութեան բազմաթիւ պատմական իրադարձութիւններ եւ փաստաթուղթեր, ինչպէս նաեւ Օսմանեան բանկի կողոպուտն ու Օսմանեան խորհրդարանի հայ պատգամաւորներու նկարագրութիւնը 1908 թ.-ի Սահմանադրական կարգի հրապարակման ժամանակ, ինչպէս նաեւ այն պայքարի մասին, որ անոնք կը տանէին հոն, ընկերային իրաւունքներու համար:

Ֆիլմը կը կեդրոնանայ Միութիւն եւ Յառաջադիմութիւն կոմիտէի ցեղասպան քաղաքականութեան վրայ։ Վաւերագրական ֆիլմը հիմնուած է 1915 թ.-ի Յունիսին Բայազիտի հրապարակին իր 19 ընկերներուն հետ մահուան դատապարտուած հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ Փարամազի պատմութեան վրայ:

Նկարահանուելով Ժընեւի, Բազէլի եւ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ՝ ֆիլմը  լեցուն է զեկոյցներ եւ արխիւային նիւթեր պարունակող հատուածներով: Ֆիլմի տեւողութիւնը  55 վայրկեան է: