Փետրուարի 4-ին Մայք Պոմպէոն ողջուներ է որոշ Եւրոպական երկիրներու որոշումը` Խուան Գուիդոյին Վենեսուէլլայի «նախագահի պաշտօնակատար» ընդունելնուն վերաբերեալ: Ան Twitter տեղադրեր է քարտէս մը, ուր ներկայացուած են նման որոշում կայացուցած բոլոր պետութիւնները: Այնուամենայնիւ, այն երկիրը, որ չէ ճանչցած պարոն Գուայդոյի հեղինակութիւնը,  գրաւեր է բազմաթիւ օգտատէրներու ուշադրութիւնը: Այդ Թիւրքիան է, որուն տարածքը քարտէսին մէջ բաժնուած է գիծերով:

Ամբողջ աշխարհը եւ յատկապէս Թիւրքիոյ ժողովուրդը պէտք է իմանայ, որ այդ գիծը փաստացի Թիւրքիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի միջեւ սահմանն է։ Այսինքն, համաձայն Նախագահ Վուդրօ Ուիլսոնի 1920 թուականի Դեկտեմբեր 22-ի Իրաւարար որոշման եւ Սեւրի Պայմանագիրի, զոր վաւերացուցեր է Սուլթան Մեհմետ հինգերորդը։

Հարցը Թիւրքիան բաժնելու մէջ չէ, այլ միջազգային իրաւունքը պարտադիր եւ անխոչընդոտ իրաւական քայլով Արեւմտեան Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ կիրառելն է։

Օր օրի, Թիւրքիոյ ժողովուրդը դէմ հանդիման դուրս կուգայ ճշմարտութեան առջեւ, եւ անոնք ստիպոիած պիտի ըլլան յարմարուելու այդ ճշմարտութեան հետ, նոյնիսկ դարաւոր կեղծիքէ ետք:

Հայերու բնիկութեան հարցի, հայերու իսլամացման հարցի, Թիւրքիոյ բնակչութեան ԴՆԹ-ի հարցերու, Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամբ փոխհատուցման հարցի, հայերու, յոյներու եւ ասորա-քաղդիական ժողովուրդներու ցեղասպանութեան հարցերոի, Արեւմտեան Հայաստանի անօրինական գրաւման հարցի (…), եւ այս բոլոր հարցերուն վերաբերեալ Թճւրքիեյ բնակիչները պէտք է իրազեկ ըլլան եւ ընդունին անհերքելի ճշմարտութիւնը։

Յիշեցնենք, որ 2016 թ. Յունիսին Սեւրի Պայմանագիրի վաւերացումը Արեւմտեան Հայաստանին կողմէ եւ Թիւրքիոյ մէջ այսպէս կոչոիած «յեղաշրջման» փորձէն ետք’  ռուսական «ՆՏՎ» հեռուստընկերութիւնը հրապարակեր էր քարտէս մը, որ ցոյց կուտայ Թիւրքիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի սահմանը, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի դրօշակը:

 Յիշեցնենք, որ 1917թ.-ի Դեկտեմբեր 29-ին Խորհրդային Ռուսաստանի Ժողկոմխորհին կողմէ ընդունոիած «Թիւրքահայաստանի մասին» (Արեւմտեան Հայաստան) Հռչակագիրով ճանչցուեր է Թիւրքահայաստանի (Արեւմտեան Հայաստան) հայութեան ազատ ինքնորոշման իրաւունքը՝ ընդհուպ մինչեւ լիակատար անկախութիւն:

1920թ.-ի Յունուար 19-ին` Փարիզի Վեհաժողովին ժամանակ, Դաշնակից Տէրութիւններու Գերագոյն Խորհուրդին կողմէ դէ ֆակտօ (de facto), իսկ 1920թ.-ի Մայիս 11-ին՝ Սան Ռէմոյի վեհաժողովին ժամանակ դէ յուրէ (de jure) ճանչցուեցաւ որպէս անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն: 1920թ.-ի Նոյեմբեր 22-ին ԱՄՆ-ի նախագահ Վուդրօ Ուիլսոնի Իրաւարար վճիռով որոշուեցաւ հայ-թրքական սահմանը:

Հարկ է նշել, որ Արեւմտեան Հայաստան Պետութիւնը ՄԱԿ-ի կողմէ չէ ճանչցուած՝ Թիւրքիոյ կողմէ բռնագրաւոիած ըլլալուն պատճառով:

Կիշեցնենք, որ 1894-1923թթ.-ուն Արեիմտեան Հայաստանի գրաւուած տարածքներուն թրքական երեք յաջորդական կառավարութիւններուն կողմէ բնիկ հայ ժողովուրդը ենթարկուեր է Ցեղասպանութեան:

Կարին (Էրզրում) քաղաքը Արեւմտեան Հայաստանի պաշտօնական մայրաքաղաքն է, որ ճանչցուեր է դաշնակից պետութիւններուն կողմէ 1920-ին: