Յունուարի կէսերէն Սուրիոյ արեւելեան Ռաքքա եւ Դէյր Զօր շրջաններուն, զորոնք կը վերահսկեն ԱՄՆ-ի նեցուկն ունեցող «Սուրիոյ դեմոկրատական ​​ուժերը» (SDF), բնակչութիւնը անդադար կը բողոքէ անտանելի պայմաներէն։

Դաշնային լրատուամիջոցներու աղբիւրին տուեալներով, տեղացիները հանրահաւաքներ կը կազմակերպեն: Մարզերու ապրուստի պայմանները մեծապէս վատթարացեր են, քանի որ Դամասկոսի կառավարութեան տրամադրած օգնութիւնը քրդական ուժերը չեն թուլատրեր տեղափոխել։ Բացի այդ, քիւրդ զինեալները կը թալանեն բնակիչներուն հասցեագրուող միջազգային կազմակերպութիւններու մարդասիրական օգնութիւնը:

Ցուցերու մասնակիցները հանրահաւաքներու ժամանակ այրեր են ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի դրօշակները եւ վանկարկեր են Բաշշար Ասադին սատարելու կոչեր․- «Մեր հոգիներով, մեր արիւնով, մենք կը մեռնինք քեզի համար, Բաշշար»: